ՍԻՄՈՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Ֆրանսահայ յայտնի դերասան Սիմոն Աբգարեան նախընթաց օր նուաճեց կարեւոր մրցանակ մը։ Այսպէս, ան արժանացաւ «Մոլիէր» ֆրանսական թատերական մրցանակին։ Այս տարի 32-րդ անգամ կատարուեցաւ այս մրցանակաբաշխութիւնը։ Սիմոն Աբգարեան այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ՝ «Տիւ Սոլէյ» թատրոնէն ներս ներկայացուած Electre des bas-fonds բեմադրութեան համար։

Սիմոն Աբգարեան ծնած է 1952 թուականին Փարիզի մէջ։ Մայրը ֆրանսացի մըն է։ Դպրոցական տարիքին սորված է ֆրանսերէն եւ հայերէն։ Ինն տարեկանին մեկնած է Պէյրութ, ուր պարել սորված է «Լոռի» համոյթին մէջ։ 1977 թուականին հայրը մեկնած է պատերազմելու եւ 15-ամեայ Սիմոնը Փարիզ վերադարձած է իր մօր հետ։ Յայտնի դերասանը աւելի վերջ անցած է Նիւ Եորք, ուր շարունակած է պարել։ Սիմոն Աբգարեան ուսանած է Փարիզի Դերասանական արուեստի միջազգային դպրոցին մէջ։ 1985 թուականին Նիւ Եորքէն վերադարձած է Փարիզ։ Դեր ստանձնած է յունական կատակերգութիւններու մէջ։ 1993 թուականին Փարիզի մէջ հիմնած է թատրոն մը՝ իր կնոջ հետ, որ նոյնպէս դերասանուհի է։ Թատրոնի առընթեր շարժանկարի ոլորտէն ներս ալ ծաւալած է բեղուն գործունէութիւն։ Հանդէս եկած է բազմաթիւ հեռուստանախագծերու մէջ։ «Հրէշը լուսնի վրայ» ներկայացման համար Սիմոն Աբգարեան 2001 թուականին ալ մրցանակի մը արժանացած էր ֆրանսական թատրոնի կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020