ՓԱՐԻԶ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԵՄ-Ն ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԸՆԵԼ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԴԷՄ

Անգարա-Փարիզ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Ֆրանսա կոչ ուղղեց Եւրոմիութեան, որպէսզի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները քննարկման ենթարկուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ փոխանցելով իր երկրի մօտեցումները։

«Ֆրանսա անհրաժեշտ կը համարէ, որպէսզի Եւրոմիութիւնը շատ արագ, առանց որեւէ թապուի սկսի քննարկել իր ապագայ յարաբերութիւնները Անգարայի հետ», ըսաւ ան։ Սա, ըստ ֆրանսացի նախարարին, անհրաժեշտ է, որպէսզի Եւրոմիութիւնը ամուր կերպով պաշտպանէ իր սեփական շահերը, որովհետեւ այս նպատակով ունի հնարաւորութիւններ։

Ժան-Իվ լը Տրիան այս բոլորը յայտարարեց Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020