ԴԷՊԻ ՌԱՎԵՆՆԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի Ռավեննայի յայտնի փառատօնին։ Քերուպինիի նուագախումբին հետ, ի թիւս այլ ստեղծագործութիւններու, Սենեկային երգչախումբը պիտի ներկայացնէ նաեւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ՝ յատուկ այս փառատօնին համար կատարուած յօրինում մը։ Սոյն համերգը պիտի ղեկավարէ իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ռիքարտօ Մութթի։ Այս տարուան փառատօնը ձօնուած է Վերածնունդի իտալացի մեծագոյն բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիէրիի մահուան 700-րդ տարելիցին։ Ռավեննայի փառատօնի կազմակերպիչները որոշած են երեք տարբեր երգահաններու երաժշտական ստեղծագործութիւն պատուիրել՝ ներկայացնելու համար Տանթէ Ալիկիէրիի «Աստուածային կատակերգութիւն»ը։

Երէկ, Սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Ռոպերթ Մըլքէեան յայտնեց, որ սա հայ-իտալական աննախադէպ երաժշտական համագործակցութեան մը ծնունդ տուած է։ Արդարեւ, դասական մեծագոյն երգահաններու ստեղծագործութիւններու հետ պիտի ներկայացուին նաեւ Մանսուրեանի նոր գրած «Պուրկաթորիօ» ստեղծագործութիւնը։

Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցած երգչախումբի երէկուան փորձէն վերջ Մըլքէեան զրուցեց լրագրողներու հետ։ Փորձին ներկայ էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեան։

«Հայ-իտալական այս հրաշալի նախաձեռնութեան համար երախտիքի խօսք պէտք է ըսել Վենետիկի Հայկական մշակութային կեդրոնի երկար տարիներու կառավարիչ Մինաս Լուռեանին, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է նման առաջարկ ստանալու։ Ծանօթ է, որ աշխարհահռչակ մեծագոյն իտալացի մտածողի, բանաստեղծի գործը երեք մասէ բաղկացած է՝ Դրախտ, Քաւարան, Դժոխք։ Եւ հեղինակներէն երեքը ընտրուած էին Ռավեննայի փառատօնի ղեկավարութեան կողմէ։ Իւրաքանչիւրին տրուած էր այդ մասերէն մին։ Ինծի առաջարկուած է Քաւարանը եւ ես գրած եմ այդ մէկը», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան եւ աւելցուց, որ մաէսթրօ Ռիքարտօ Մութթիի փափաքն է այս գործի թէ՛ Իտալիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ նուագուիլը։

Սենեկային երգչախումբի տնօրէն Արմէն Արաբեանն ալ յայտնեց, որ Ռավեննայի փառատօնին մասնակցութեան ծախսերը ամբողջովին պիտի դիմագրաւուին կազմակերպիչներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021