ԶԱՐԴԱՐՈՒՆ ԽՆՁՈՐՆԵՐ

Ճաբոնցիները արեւի լոյսի օգնութեամբ «կը գրեն» եւ «կը նկարեն» խնձորներու վրայ։ Այսպէս, Ճաբոնի մէջ իւրայատուկ փորձագիտութեան մը միջոցով գեղեցիկ զարդանախշերով պատուած խնձորներ կը ստացուին՝ առանց քիմիական յաւելանիւթերու կիրառման: Դարեր շարունակ Ճաբոնի Աոմորի քաղաքին մէջ խնձոր աճեցնողները ժառանգաբար սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն ինքնատիպ փորձագիտութիւն մը, որու շնորհիւ կը ստեղծեն զարմանահրաշ միրգեր:

Փորձագիտութիւնը իրականին մէջ շատ պարզ է: Նախ խնձորները որոշ ժամանակ կը զրկեն արեւի լոյսէն, այնուհետեւ կպչուն ժապաւէնի օգնութեամբ կը ծածկեն միրգի որոշ հատուածները: Խնձորները յաճախ կը զարդարուին ուշագրաւ նկարներով, խորհրդանշաններով ու բառերով:

Նախապատրաստական աշխատանքները կը սկսին յունուարին: Պարտիզպանները նախ յատուկ փայտիկի օգնութեամբ ձեռքով փոշոտում կ՚իրականացնեն, եւ երբ պտուղը կը սկսի ձեւաւորուիլ, ան կը պատուի բազմաշերտ փոլիէթիլային տոպրակով՝ պաշտպանելու համար վնասատուներէ եւ արեւի լոյսէն: 

«Մութ» պայմաններու մէջ մնալով խնձորներու մօտ կ՚աշխուժանայ լուսազգայունութիւն, եւ երբ տոպրակները կը հեռացնեն, անոնք կը սկսին գունաւորումի նիւթը արտադրել, որու շնորհիւ խնձորը կը կարմրի: Վերջնական փուլին խնձորները կը պատուին կպչուն ժապաւէնով, որու արդիւնքին ալ կը ստացուին իւրայատուկ պատկերները:         

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021