ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ի թիւս այլ հարցերու, Էրտողան եւ Փութին կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Փոխանցելով վերջերս դէպի Շուշի կատարած այցելութեան տպաւորութիւնները՝ Էրտողան նշեց, որ ականատես եղած է շրջանէ ներս հայոց պատճառած փլուզումին։ Ըստ իրեն, Հայաստան պէտք է այլեւս կեդրոնանայ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան վրայ։ Ան աւելցուց, որ եռակողմանի համաձայնութիւնները պէտք է լիարժէք գործադրուին։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրոյցի ընթացքին դրական գնահատական տրուած է հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու վերահսկման ուղղեալ ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի աշխատանքներուն համար։ Թրքական կողմը աջակցութիւն յայտնեց ռուսական կողմի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են ապահովելու Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարման։ «Վերահաստատուած է համակարգումը շարունակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը, ներառեալ տարածքաշրջանի փոխադրական ենթակառուցուածքներու տնտեսական զարգացման եւ վերականգնման շահերէն ելնելով», տեղեկացուած է Քրեմլինի կողմէ։

Վլատիմիր Փութին, որ օր մը առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր, երէկ ալ Էրտողանի առընթեր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ռուս ղեկավարը այս առթիւ շնորհաւորեց Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ անոր կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներու իրագործման ընթացքին։ Փաշինեան այս ամբողջին մէջ ընդգծեց գերիներու վերադարձի առաջնային նշանակութիւնը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն հետ, իր երկիրը կը շարունակէ օգնել Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման հարցին մէջ։ Ան յիշեցուց, որ ռուսական կողմը առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս արիւնահեղութեան դադրեցման գործին մէջ։ Մոսկուայի միջազգային անվտանգութեան 9-րդ ժողովին ժամանակ ռուս նախարարը նշեց, որ իր երկիրը շատ բան ըրած է նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղ կեանքի վերականգնման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Այս շրջանակին մէջ ան մատնանշեց նաեւ մարդասիրական բնոյթով նախագծերու իրականացումը։

Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կը շարունակեն խախտել Հայաստանի սահմանը։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021