Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՓՐՈՖ. ԱՐՄԷՆ ՉԱՐՉԵԱՆԻ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործած «Հայաստան» դաշինքին կողմէ։ Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ այս հակազդեցութեան հաւաքը, որուն պատճառ դարձած էր բժիշկ Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը։ Ան «Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքին կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներէն մին էր։ Պատկան մարմինները որոշած են զինքը ձերբակալել՝ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտած ձայնագրութեան մը բերումով, ուր ան իբրեւ թէ իր աշխատակիցներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ ընտրութիւններուն համար։

Չարչեանի կալանքը բողոքարկուած է Վերաքննիչ ատեանին մօտ։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021