ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ սփիւռքահայ կրթօճախներու աջակցութեան ուղղեալ ծրագրերը՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայկական վարժարաններու ցանցին միջոցաւ։ Այսպէս, հիմնարկը ներկայիս նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ ու կը պատրաստուի կեանքի կոչել Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը։ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի (LAU) հետ համագործակցաբար, հիմնարկը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներու մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու յատկացուած վերաորակաւորման ծրագրին։

2019 թուականին հիմնարկը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր, կիզակէտ ունենալով՝ դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը։ Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներու ուղղուած յատուկ ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական միտքը։

Ըստ Լիզպոնէն կատարուած հաղորդումներուն, այժմու յայտագիրը պատրաստուած է LAU կրթական բաժանմունքին կողմէ։ Կը նախատեսուի երկու տարուայ դասընթացք մը, տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով։ Դասաւանդուելիք նիւթերու շարքին կարելի է թուարկել՝ դասաւանդման եղանակները, մանկավարժական տեսաբանութիւնը, մանկական հոգեբանութիւնը, յատուկ կրթութիւնը եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատումը։ Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որով ուսուցիչները պիտի քաջալերուին, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս։

Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան այս առթիւ ըսաւ. «Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել։ Պէտք է իրենց անհրաժեշտ հմտութիւն եւ մանկավարժական գիտելիքներ ապահովել, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները՝ քայլ պահելով 21-րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ։ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։ Գալիք սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը ու ստեղծագործեն»։

Այս ծրագիրը պիտի սկսի յառաջիկայ աշնան, պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է։ Այն կրթական մշակները, որոնք կը հետաքրքրուին, պէտք է դիմեն ուղղակի LAU-ին։ Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտելու պարագային անոնք համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը։ Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղեալ գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէնով եւ անգլերէնով։

Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանէ ներս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մին է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։ Հիմնարկը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ։

Այս ծրագրին եւ միւս նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել հիմնարկի կայքէջին վրայ։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021