ՏԵՒԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավարն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրերու ընթացքին։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Կարապետեան խօսեցան Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական ոլորտի վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ, ներառեալ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղեալ քայլերն ու բարեփոխումները։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրերու ընթացքն ու ապագային նախատեսուած նախագծերը։ Սամուէլ Կարապետեան վստահեցուց, որ բոլոր ծրագրերը պիտի ըլլան շարունակական։

Անցեալ տարեվերջին, յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մէջ, երբ քաղաքական լուրջ տագնապ յառաջացած էր Հայաստանի մէջ, Սամուէլ Կարապետեան միացած էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարման ուղղեալ կոչերուն։ Երէկուան տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ժամկէտով, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան ընտրութիւններէն վերջ երէկ իսկ շնորհաւորական հեռաձայն մը ստացաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինէն։ Մինչ այդ, Ատրպէյճան վերջին օրերուն միջազգային հետապնդում պահանջած է խումբ մը յայտնի ռուսահայ գործիչներու համար, որոնց շարքին կը գտնուի Սամուէլ Կարապետեան։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021