FAILED STATE? ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓԼՈՒԶՄԱՆ ԱՌՋԵՒ

Լիբանան յայտնուած է համընդհանուր փլուզման լուրջ վտանգին առջեւ։

Անկախ զանազան վերլուծումներէ, այս մասին «ստոյգ» տուեալներ հաղորդած է Լիբանանի «Վ.Տի.Էլ.» կայանը, յղում ընելով միջազգային կազմակերպութեանց դիտարկումներուն, որոնք ամենամեայ դրութեամբ կը պատրաստեն «ձախողած երկիրներ»ու ընդհանուր ցուցակը։ Ըստ նոյն աղբիւրին, երկրէն ներս ընկերային ծառայութեանց, առողջապահական ոլորտի, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան խոցելիութեան ընդհանուր պատկերները ցոյց կու տան, որ եթէ արագ քայլեր չառնուին, Լիբանան որպէս երկիր պիտի միանայ «ձախողած երկիրներ»ու ցուցակին վրայ։ Այդ երկիրներուն մաս կը կազմեն Սոմալի, Քոնկօ եւ Չատ, իսկ արաբական կտրուածքով այդ ցուցակի առաջին դիրքը կը գրաւէ Եմէնը, ուր թէժ պատերազմներ տեղի կ՚ունենան։ Դարձեալ ըստ նոյն լրատուամիջոցին, Լիբանան եթէ չկարողանայ արագ բանակցութիւններ իրականացնել Համաշխարհային դրամատան հետ, ապա այնտեղ տիրող տնտեսական-ընկերային բարդ վիճակը երկիրը դուրս պիտի բերէ իր խաղաղ վիճակէն եւ զայն առաջնորդէ բախումներու։

Մեզմէ շատեր Լիբանանի իրավիճակը դիտարկելով հարց պիտի տան, թէ ովքե՞ր ռիսք պիտի առնեն ու պատերազմ մղեն իրարու դէմ։ Այս հարցումին պատասխանը այն է, որ նման պարագաներու տակ մեծ թիւով օգտուողներ կրնան հանդէս գալ։ Անշուշտ, միջազգային յենարան ունեցող այդ կողմերուն համար ռազմական բախումները լաւագոյն առիթներ են ո՛չ միայն դրսեւորուելու, այլ նաեւ դիրքեր ամրապնդելու։

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաւելեալ վերլուծական փորձի չի կարօտիր։ Էական հարցումն է, որ արդեօք Լիբանանի մէջ քաղաքական կամք թելադրող ուժերը պիտի հասկնա՞ն պահու դժուարութիւնը եւ ձեւով մըն ալ առաջքը պիտի առնեն այն մեծ հրդեհին, որ կրնայ քաոս ստեղծել ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ՝ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021