ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ ան հանդիպումներ կ՚ունենայ ֆրանսական շարք մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի այս շփումներուն նպատակն է քաջալերել այդ ֆրանսական մեծ ընկերութիւններու ղեկավարները, որպէսզի այցելեն Հայաստան, ծանօթանան համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններուն եւ գործնական քայլեր առնեն ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ։

Կը նախատեսուի, որ այցելութեան օրերուն նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալուի նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանին մէջ, որ կը գտնուի Փարիզի հարաւ-արեւմուտքի արուարձան Սեւր քաղաքին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վարժարանը վաղուց դադրած է գործելէ ու կը մնայ միայն շէնքը, որ կ՚օգտագործուի ընկերամշակութային նպատակով։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս վարժարանի շէնքը վերջերս ենթարկուած էր յարձակման։

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019