ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԱԹԷՆՔԻ ԴԷՄ

Լոզանի համաձայնագրի ստորագրման 99-րդ տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ՝ Անգարա-Աթէնք առանցքի առկայ լարուածութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Յունաստանի հետ խորացած տարակարծութիւնները պատճառ դարձան, որ Թուրքիա խիստ բողոք արտայայտէ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պատգամ մը հրապարակելով ուշադրութիւն հրաւիրեց վերջին շրջանին Յունաստանի թուրք փոքրամասնութեան իրաւունքներուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն վրայ։ Իր խօսքով՝ Լոզանի դաշնագրի պայմանները կա՛մ կ՚արհամարհուին, կա՛մ գիտակցաբար կը մաշեցուին, ինչ որ անընդունելի է թրքական կողմին տեսակէտէ։ Ըստ Էրտողանի, այս իրավիճակը խոտոր կը համեմատի բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ համաձայնութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեան սկզբունքին։ «Մեր երկիրը տարածաշրջանին մէջ մշտական խաղաղութեան ու անդորրութեան հաստատման ճանապարհին ամէն տեսակ ջանք կը գործադրէ եւ վճռական է մեր ազգի իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ», նշեց Էրտողան։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր դեսպան Թանժու Պիլկիչն ալ նոյն առիթով ընկերային ցանցերու վը-րայ գրառում մը կատարեց՝ «Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան ուղղեալ ճշմարտութիւններ» խորագրով։ Այս գրառումով ան պատասխանեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի յայտարարութիւններուն։ Թանժու Պիլկիչ ընդգծեց, որ Աթէնքի ղեկավարութիւնը երկրի թուրք փոքրամասնութեան դէմ խտրականութիւններ կ՚ընէ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ կողմէ յունական արմատներով իր 3 հազար քաղաքացիին տրամադրուած ուսուցիչին չափ Յունաստանի մէջ 150 հազար թրքական արմատներով քաղաքացիի ուսուցիչ չի տրամադրուիր։ Ըստ իրեն, Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ մանկապարտէզ գոյութիւն չունի եւ վարժարան մը բանալ կարելի չ՚ըլլար, երբ աշակերտի թիւը 9-է աւելի նուազ ըլլայ։ Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ յոյն փոքրամասնութեան պարագային նուազագոյն աշակերտի թիւն է 4։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022