ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ԱՀԱԶԱՆԳ

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ահազանգային բնոյթով գրառումով մը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Արցախը կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ։

«Արցախը ծանր վիրաւոր է եւ անոր «ապաքինումը» գերխնդիր է համայն հայութեան համար։ Արցախի ճակատագրէն կախուած է ամբողջ հայ ժողովուրդի ապագան։ Արցախը կանգնած է գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ, բայց հակառակ բոլոր վտանգներուն ու դժուարութիւններուն, կան բոլոր հնարաւորութիւնները երկիրը փրկելու եւ անոր ապահով ապագան երաշխաւորելու համար։ Սա կը պահանջէ հայրենասիրական ու արհեստավարժ մօտեցում ո՛չ միայն աշխատանքի, այլեւ ընդհանրապէս կեանքի նկատմամբ», նշեց Դաւիթ Պապայեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022