ԱՄԵՆԱՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԸ

Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած աստղի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Առասպելական արուեստագէտը 2618-րդն է որ իր մասնաւոր աստղը կ՚ունենայ Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին վրայ։ Երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ 93-ամեայ մեծանուն երգիչը, որու կողքին էին նաեւ իր հարազատները։ Շարլ Ազնաւուրի ժողովրդականութիւնը տարածուած է զանազան սերունդներու մէջ։ Պատահական չէ, որ 1998-ին CNN-ի եւ Time-ի կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքին Շարլ Ազնաւուր հռչակուեցաւ «20-րդ դարու արուեստագէտը»՝ շրջանցելով շարք մը աշխարհահռչակ անուններ. օրինակ՝ Էլվիս Փրեսլի, Պոպ Տիլըն, Ֆրենք Սինաթրա եւ այլք։ Ազնաւուր միջազգային ասպարէզի վրայ մրցանիշ մը սահմանած է՝ իր 180 միլիոն վաճառուած ձայնասկաւառակներով։

Փառքի ծառուղիին մէջ իր աստղի բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան շարք մը յայտնի անուններ. ինչպէս՝ Գալիֆորնիայէն ծեռակուտական Քեւըն տը Լէոն, արտադրիչ Փիթըր Պոկտանովիչ եւ այլք։

1965 թուականին Ազնաւուր առիթով մը յայտարարած էր. «Հայոց համար գոյութիւն չունի անկարելի բառը»։ Եւ ահա՛, աւելի քան 180 միլիոն սկաւառակ վաճառած երգիչը այժմ իր աստղը ունեցաւ Հոլիվուտի մէջ։

Երէկուան բացման հանդիսութեան ընթացքին Շարլ Ազնաւուր մեծարուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Փառքի ծառուղիի ղեկավարներէն Անա Մարթինէս այս առթիւ յայտնեց, որ Ազնաւուր հարիւրաւոր երգեր կատարած է ու բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած եւ ան ցայսօր ելոյթներ կ՚ունենայ իր այս տարիքին, ինչ որ հրաշալի է։ Մարթինէս ընդգծեց, որ Շարլ Ազնաւուր ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչման արժանացած երգիչ մըն է։ Փառքի ծառուղիէն ներս իրեն ձօնուած աստղը «Կենդանի կատարում» դասաւորման մէջ է։

Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներն ալ այս առթիւ տեղեկացուցին, որ անսահման հպարտութիւն կ՚ապրին եւ այդ ուրախութիւնը կը բաժնեն աշխարհի հետ։

Հարկ է նշել, որ Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիէն ներս իր աստղի բացման պաշտօնական արարողութեան համար Լոս Անճելըս ուղեւորուելէ առաջ Շարլ Ազնաւուր այցելեց Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։

Շուրջ եօթ տասնամեակի երաժշտական գործունէութեան ընթացքին Շարլ Ազնաւուր ձայնագրած է 1400 երգ։ Անոնցմէ 1300-ին հեղի նակը ինքն է։ Ան 390 ալպոմ թողարկած է զանազան լեզուներով. օրինակ՝ ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ սպաներէն։

«Ես թէ՛ ֆրանսացի եմ եւ թէ հայ։ Զանոնք տարանջատելը հնարաւոր չէ, ինչպէս կաթով սուրճի մէջ չես կրնար բաժնել կաթը սուրճէն։ Իմ հայկական անունը Շարլ Ազնաւուրեան է, իսկ ֆրանսական անունը՝ Շարլ Ազնաւուր։ Հիանալի է ունենալ հնարաւորութիւն երկու մշակոյթները ծառայեցնելու մէկ նպատակի։ Ֆրանսերէնը իմ աշխատանքային լեզուն է, իսկ հայերէնը իմ ընտանեկան լեզուն է։ Այս աստղը ստանալէ վերջ ես նաեւ քիչ մը գալիֆորնիացի եմ», ըսաւ Ազնաւուր երէկուան հանդիսութեան ընթացքին՝ կատակելով, որ միշտ կը հրաժարի ելոյթ ունենալէ, որովհետեւ իր անգլերէնը այնքան ալ լաւ չէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017