ԱՄՆ-Ի 47-ՐԴ ՆԱՀԱՆԳԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Էյոուա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այսպէսով Էյոուա հանդիսացաւ ԱՄՆ-ի 47-րդ նահանգը, որ կ՚իւրացնէ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց մօտեցումները եւ 1915 թուականի դէպքերը կ՚որակէ համապատասխան ձեւով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, յիշեալ նահանգէն ներս զուգահեռաբար Հոկտեմբեր ամիսը ճանչցուեցաւ «Հայ մշակոյթի եւ պատմութեան ճանաչման միամսեակ»։

Այս տարի աւելի առաջ ԱՄՆ-ի նահանգներէն Թեքսասն ու Ուայոմինկն ալ 1915 թուականի դէպքերը ճանչցած էին որպէս ցեղասպանութիւն

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017