ԱՐԱՍԷՆ ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔ

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Ankara Vukuatı», իսկ միւսը «Gelincikler Açarken»։

Առաջին գիրքը յուշագրութիւն մըն է։ Անգարայէն հայ կաթողիկէ Սիմոն Առաքելեանի 1915-ի շրջանի յուշերը կը բովանդակէ։ Անգարայի եւ շրջակայքի վաղեմի ոչ-իսլամ բնակչութեան ոդիսականին վերաբերեալ կարեւոր վկայութիւն մըն է այս գործը, որու խմբագիրը եղած է Մուրատ Ճանքարա։

Երկրորդ գիրքը վէպ մըն է։ Հալէպ ծնած եւ փոքր տարիքին ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ գաղթած Մարալ Պոյաճեան անգլերէնով գրի առած է այս գործը։ Ան ներկայիս կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ։ Իր վէպին անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է 2015 թուականին։ Ներկայիս «Արաս» այս վէպին թրքերէնը հրատարակած է՝ Մելիսա Արսլանեանի կողմէ կատարուած թարգմանութեամբ։ Սոյն գործին հայերէնն ալ յառաջիկային պիտի հրատարակուի Հայաստանի մէջ։

Այս երկու գիրքերն ալ ապահովաբար արժանանան ընթերցասէր հասարակութեան ուշադրութեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017