ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍՏԱՑՈՒՄ

Հայաստանի եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն ամրապնդել համագործակցութիւնը երկու երկիրներու միջեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Թիւրքմեն ղեկավարը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առընթեր, ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ իր թիւրքմեն պաշտօնակցին։ Երկու նախագահները երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեցին, որ կը ձգտին Հայաստան-Թիւրքմենիստան համագործակցութեան հարստացման։ Արդարեւ, Երեւանի եւ Աշխապատի ղեկավարութիւնները ներկայիս կը դնեն նոր եւ առաւել աշխոյժ գործունէութեան մը հիմքերը։ Պերտիմուհամմետովի խօսքերով՝ առաւել հեռանկարային ուղղութիւնները կը հանդիսանան առեւտու րի, ուժանիւթի, փոխադրութեան ու կապի, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ճարտարար-ւեստի բնագաւառները։ Ան շեշտադրեց նաեւ ուղղակի շփումներու եւ գործարար կառոյցներու միջեւ գործնական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ ըսաւ. «Մեր բանակցութիւններուն ընթացքին պարոն նախագահը կ՚ըսէր, որ ինք արդէն կը մտածէ ոչ թէ միլիոններ, այլ միլիառներ արժողութեամբ նախագծերու մասին։ Սա մեզ կ՚ոգեւորէ եւ մենք ի հարկէ պիտի աշխատինք այդ ուղղութեամբ»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017