ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ամերիկացի նոր համանախագահ մը նշանակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, Օգոստոսի 28-ի դրութեամբ պիտի աւարտի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի պաշտօնավարութիւնը։ Ան այդ աշխատանքը կը տանէր ժամանակաւոր ձեւով։ Իրեն պիտի փոխարինէ Էնտրու Շեֆըր՝ արդէն մշտական համակարգի կարգավիճակով։ Ռիչըրտ Հակլընտ յայտնեց, որ իր յաջորդը շատ փորձառու բարձրաստիճան դիւանագէտ մըն է։ Ան նախապէս աշխատած է Կիպրոսի հակամարտութեան վրայ։ Հակլընտի խօսքերով՝ Էնտրու Շեֆըր կը տիրապետէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութեան։

Ռիչըրտ Հակլընտ ընդգծեց, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը չունի նոր մօտեցում մը այս նիւթին շուրջ։ Ամերիկեան կողմի մօտեցումները այս հարցի պարագային կը մնան անփոփոխ՝ անկախ համանախագահի փոփոխութենէն։

Միւս կողմէ, իր առաքելութեան եզրափակիչ փուլին Ռիչըրտ Հակլընտ աղմկարար յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս՝ բանակցային սեղանին վրայ գտնուող վարկածներուն մասին։ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շեշտադրութեամբ խօսեցաւ ամերիկացի համանախագահը, որու յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեցին թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտնեց, որ Արցախի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Երեւանէն բազմաթիւ պաշտօնատարներ արձագանգեցին ամերիկացի դիւանագէտի խօսքերուն՝ որոշ հերքումներով։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ յայտեց, որ Հակլընտի յայտարարութիւններուն մէջ կան որոշ անճշդութիւններ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017