ԹԻԼԸՐՍԸՆԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները։ Երկու նախարարները անդրադարձան նաեւ Աֆղանիստանի վերաբերեալ նիւթերուն։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին յառաջիկայ 25 Սեպտեմբերին Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս նախատես-ւած անկախութեան հանրաքուէն։ Իտլիպ եւ Աֆրին քաղաքներու վերջին իրադարձութիւններն ալ օրակարգի վրայ եկան առաջնահերթօրէն։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի ամերիկացի պետական քարտուղարին Թուրքիա այցելութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017