ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ

Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիմեց՝ անհանգստութիւն յայտնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ կալուածներու վերաբերեալ նիւթերու շուրջ կատարուած տնօրինութիւններուն կապակցութեամբ։ Համացանցի վրայ զանազան աղբիւրներու մօտ արձագանգ գտած է, որ Պաղեստինի Ինքնավարութեան եկեղեցական գործերու գծով նախագահական բարձրագոյն կոմիտէի նախագահ տքթ. Ռամզի Խուրի նամակներ ուղարկած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան։ Ըստ էութեան, այս անհանգստութեան պատճառ դարձած է «Կովերու պարտէզ» կոչուած ազգապատկան կալուածին վերաբերեալ գործառոյթը, որ վերջին շրջանին բաւական աղմուկ յարուցած է։ Պաղեստինի Ինքնավարութիւնը այս փուլին մտահոգութիւն կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ առնուած հող վարձելու որոշման կապակցութեամբ։ Այդ տնօրինութիւնները դիտարկուած են Երուսաղէմի հրէականացման ուղղեալ ջանքերու լոյսին տակ։ Արդարեւ, Երուսաղէմի Հին քաղաքի արեւելքի հայկական թաղամասը այս առումով կիզակէտային դարձած է յաչս Պաղեստինի Ինքնավարութեան։ Այսպէս, Ռամզի Խուրիի նամակին մէջ շեշտուած է այն փաստը, որ թաղամասը Պաղեստինի բռնագրաւուած տարածքներու անբաժանելի մասը կը համարուի։ Այս հանգամանքը միջազգայնօրէն ալ օրինականացուած է։

Ռամզի Խուրի նամակին մէջ դիտել տուած է, որ Պաղեստինի Ինքնավարութիւնը այս հարցին շուրջ նախապէս երկու նամակ ուղարկած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։ Սուրբ Աթոռին կողմէ անպատասխան թողուած այդ նամակներուն մէջ անդրադարձ կատարուած է Երուսաղէմի քաղաքապետութեան եւ Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն՝ «Կովերու պարտէզ» կոչուած հողամասին շուրջ։ Նամակներուն մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զգուշացուած է, որ քաղաքապետարանը կը ձգտի հայկական թաղամասի պատմական եւ տեղագրական առանձնայատկութիւնները փոխելու։ Մինչդեռ, այդ տարածքները կը պատկանին հայկական ծագումով Պաղեստինի քաղաքացիներուն։ 5-րդ դարէն ի վեր Ս. Քաղաքի հայկական թաղամասը վստահուած է Հայոց Պատրիարքութեան։

Նամակին մէջ ցաւ յայտնուած է, որ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը որեւէ պարզաբանում չէ ստացած յիշեալ երկու նամակներուն կապակցութեամբ՝ մինչ «Կովերու պարտէզ»ին շուրջ լուրեր տարածուած են թէ՛ ներքին եւ թէ միջազգային աղբիւրներուն կողմէ, խնդրոյ առարկայ հողամասի ճակատագրին շուրջ։ Խուրի ընդգծած է, որ այդ տարածքը աշխարհագրական եւ ռազմավարական կարեւոր դիրք մը ունի։ Ուստի, Պաղեստինի ղեկավարութիւնը ինքզինքին իրաւունք վերապահած է՝ Հայոց Պատրիարքութենէն պարզաբանում պահանջելու, նպատակ հետապնդելով Երուսաղէմի իրաւական ու պատմական կարգավիճակի պահպանման։ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը այս հարցին շուրջ որպէս հիմնաւորում յիշեցուցած է միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու տրամադրութիւնները «Կովերու պարտէզ»ի հրէականացման փորձերու պարագային այդ բոլորը արդէն նախատեսուած գործարքին ի վնաս պիտի դառնան։

Ուստի, Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը հրատապ պարզաբանումներ պահանջած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ խնդրոյ առարկայ տարածքի վերաբերեալ հանգամանքներուն եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան առած քայլերուն բերումով։

Ըստ նոյն նամակին, այս բոլորին առընթեր Պաղեստինի ղեկավարութիւնը վրդովմունք յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի գործողութիւններուն բերումով՝ մեղադրանք հասցէագրելով, որ ան միակողմանի որոշումներ կ՚առնէ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին։ Պաղեստինի ղեկավարութիւնը մտահոգ է, որ այդ գործողութիւնները ժխտական հետեւանքներ կրնան ունենալ Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի յստակեցման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ Հետեւաբար, Պաղեստինի ղեկավարութիւնը թափ տուած է իր շփումներուն համապատասխան բոլոր մարմիններուն հետ, ներառեալ Յորդանանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները։ Այս հարցը յանձնուած է նաեւ Երուսաղէմի եւ աշխարհի այլ եկեղեցիներու ղեկավարներու նկատառման։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021