ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքը։ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի տանտիրութեամբ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները կը քննարկեն կազմակերպութեան հեռանկարները։

Մինչ այդ, վարչապետներու այսօրուան հաւաքին ընդառաջ, Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Ռուս վարչապետը հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Կարէն Կարապետեան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու վարչապետները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ներկայ եղան շարք մը համաձայնագրերու ստորագրման արարողութեան։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Տիմիթրի Մետվետեւ օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ողջունեց Մետվետեւի Երեւան այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ այդ մէկը կը զուգադիպի Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Սարգսեան գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ այդ ընթացքին հսկայական աշխատանք կատարուած է։ «Այսօր մեր յարաբերութիւնները կ՚առանձնանան բոլոր մակարդակներու վրայ մշտական քաղաքական երկխօսութեամբ՝ արտաքին քաղաքական լայն համակարգմամբ,  միջազգային եւ տարածքաշրջանային հարթակներու վրայ լաւ աշխատանքով, տնտեսութեան, ռազմական ու ռազմաթեքնիկ բնագաւառներէ ներս ու յատկապէս փոխադարձ առեւտուրի ոլորտին մէջ արգասաբեր համագործակցութեամբ։ Անցեալ տարին մենք աւարտած ենք 15 տոկոս աճով, իսկ այս տարուայ ութ ամիսներու ընթացքին մեր ապրանքաշրջանառութեան աճը 23 տոկոսէ քիչ մը պակաս է։ Սա շատ լաւ է», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Տիմիթրի Մետվետեւն ալ Սերժ Սարգսեանին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ փոխանցեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիմիթրի Մետվետեւ Երեւանի մէջ յայտնեց, որ երկկողմանի կապերը կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով։ Մինչ վարչապետները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, Մետվետեւ տեղեկացուց, որ Ռուսաստան պատրաստ է մասնակցիլ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի զարգացման ծրագրին։ Ան ընդգծեց նաեւ, թէ յառաջիկայ տարի եւս Ռուսաստան պիտի շարունակէ յատուկ սակագինով մը կազ մատակարարել Հայաստանին։ Իր խօսքերով՝ յաղթահարուած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական բարդութիւնները։

Կարէն Կարապետեանն ալ յայտարարեց, որ մեծ ներուժ կը տեսնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու ճանապարհին։

Միւս կողմէ, Մետվետեւի ընկերակից պատուիրակութեան անդամներէն Ռուսաստանի Փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով եւս ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ Երեւանի մէջ։ Իր խօսքերով՝ Ռուսաստան աշխատանք կը տանի Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ վրայով տարանցիկ ճանապարհները բանալու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017