ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄ

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Վերջին շրջանին վիճակագրական տուեալները հասած են մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ պատկան մարմինները կը ձգտին թափ տալ պատուաստումներուն։ Վերջին օրերուն հաղորդուած էր, որ զանազան երկիրներէ բաւական լուրջ քանակութեամբ պատուաստանիւթեր կը տրամադրուին Հայաստանին։

Մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին երէկ բացօթեայ պատուաստումներու արշաւ մը տեղի ունեցաւ։ Օփերայի հրապարակին վրայ ստեղծուեցան բացօթեայ պատուաստման կէտեր։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայկական «Կարմիր խաչ»ի ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ պատուաստուեցան քաղաքացիները։ Անոնք, որոնք օգտուեցան այս հնարաւորութենէն, ունեցան նաեւ անհրաժեշտ հաստատագրերը։ Բացօթեայ պատուաստման կէտերը գործեցին միօրեայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2021