ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահներու հեռախօսազրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ ճգնաժամը եւ տարածքաշրջանային այլ խնդիրներ։ Էրտողան եւ Թրամփ անդրադարձան նաեւ Սոչիի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու գագաթաժողովի արդիւնքներուն։ Էրտողան այս հեռախօսազրոյցը համարեց արդիւնաւէտ։

Պեշթեփէի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին լուսանկար մը։ Սա կը ցոլացնէր դրուագ մը այն պահէն, երբ Էրտողան աշխատասեղանին գլուխը նստած կը զրուցէր Տանըլտ Թրամփի հետ։ Այդ պահուն հանրապետութեան նախագահի աշխատասեղանին շուրջ կը գտնուէին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, աւագ խորհրդականը՝ Համտի Քըլըչ եւ իր դիւանի ղեկավարը՝ Հասան Տողան։

Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու երէկ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան մասին։ Ըստ իրեն, Տանըտ Թրամփ յայտնած է, որ յետայսու ամերիկեան կողմը Սուրիայէ ներս ՓՔՔ-ի շառաւիղին՝ ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան համար պիտի չմատակարարէ զէնք ու զինամթերք։

Նախագահներու հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, գրաւոր յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ երկու նախագահները վերահաստատած են Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը՝ պայքարելու համար այն բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կը սպառնան տարածքաշրջանի անվտանգութեան։

Ըստ Տանըլտ Թրամփի, Ռաքքայի գործողութիւնը աւարտած է եւ հիմա սկսած է նոր փուլ մը։ Այս նոր փուլի առաջնահերթութիւնները կը համարուին՝ կանխել ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) վերադարձը եւ տարածքաշրջանէ ներս ամրապնդել կայունութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, ամերիկեան կողմը Սուրիոյ իր գործակիցներուն համար մատակարարած զինուորական եւ ռազմական սարքաւորումներու օժանդակութեան վերաբերեալ վերստին կարգադրութիւններու դիմել որոշած է եւ Թրամփ այս կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին։

Դարձեալ Սպիտակ տան աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Թրամփ կանգ առած են նաեւ Սուրիայէ ներս մարդասիրական ճգնաժամը իր աւարտին հասցնելու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Մասնաւորապէս տեղահանեալ սուրիացիներու վերադարձի խնդիրը եղած է անոնց ուշադրութեան առարկայ։ Ահաբեկիչներէ մաքրագործուած միացեալ ու կայուն Սուրիայի երաշխաւորման համար շեշտադրումներ կատարած են երկու ղեկավարները երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան եւ Թրամփ անդրադարձած են Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներէ ներածումը նախատեսուած ռազմական սարքաւորումներու վերաբերեալ հարցերուն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017