ԼԻԼԻԹ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Իսթանպուլի Համագումարներու դահլիճին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանէն յայտնի մեներգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանի համերգը։ «Լոյս մետիա»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Ձեռնարկը պատուեց նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ երեկոյթին, որու ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Քիւլթիւր» ընկերութեան ղեկավար Սինան Պոլաքին եւ ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլուին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019