ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ ստեղծուած սպասողական կացութիւնը կ՚ուղղորդուի անտէրութեամբ եւ ընդհանուր անվստահութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման գործը անյետաձգելի դարձած է համայն հայութեան առջեւ։ Բայց եւ այնպէս, կարելի չ՚ըլլար համապատասխան քաղաքական նոր կլիմայ մը ստեղծել այդ գործին ձեռնարկելու համար։ Հրամայականներ ստեղծուած են՝ երաշխաւորելու համար հայոց պետականութեան յարատեւութիւնը, սակայն, Հայաստանի ներքին տագնապը պատճառ կը դառնայ ժամանակի մսխումին, ինչ որ յաջորդ քայլափոխին կրնայ աններելի դառնալ։ Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը համատարած բնոյթ ստացած է։ Մինչ պետական կառավարման համակարգը ակնյայտօրէն անդամալուծուած է, Երեւանէն կը հասնին կառավարութեան կազմի մասնակի փոփոխութեան վերաբերեալ լուրեր։ Երէկ ալ երկրի տնտեսութեան նախարարը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ նոր մը։ Ընդհանրապէս, այս փոփոխութիւնները կը համարուին անհեռանկար։ Պատերազմի ձախողման ծանր բեռը թօթափելու համար Հայաստանին պէտք է նոր իշխանութիւն մը՝ ժողովրդական նոր յենարաններով։ Այս պահանջին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու նպատակով ի գործ կը դրուին զանազան միջոցներ։ Վերջին օրերուն յայտնի գործիչներ Երեւանի մէջ հացադուլի սկսած են՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Այսպէս, հիմնական դէմքերն են «Երկիր մետիա» հեռուստակայանի լրատուական-քաղաքական բաժանմունքի տնօրէն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յայտնի դէմքերէն Գեղամ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական ատեանի նախկին անդամներէն Կիմ Բալայեան։ Այս առաւօտ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը։ Զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, սփիւռքէն ալ շուրջ երկու տասնեակ կառոյցներ պահանջած են Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հարկ է նշել, որ այդ կառոյցները ընդհանրապէս կը գործեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հովանոցին տակ։

Այսպիսի իրավիճակի մը պայմաններուն ներքեւ, պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած հայերու վերադարձը տեղի կ՚ունենայ դէպի Արցախ։ Պետական վերահսկողութենէ բոլորովին զերծ պայմաններու ներքեւ միայն ռուս խաղաղապահներու երաշխիքներով կը կազմակերպուի անոնց վերադարձը։ Հայաստանի կառավարութիւնը պարզապէս փոխադրամիջոց կը տրամադրէ վերադարձողներուն համար, իսկ մնացեալ հարցերու պարագային լուծման հեռանկարները բոլորովին պղտոր են։ Արդէն վերադարձողներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներն ալ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը հրապարակուին։ Ըստ այդ տուեալներուն՝ նոյեմբերի 14-էն ի վեր աւելի քան 11 հազար արցախահայեր վերադարձած են իրենց բնակավայրերը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, մարդասիրական ծանր կացութեան պայմաններուն ներքեւ, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն երէկ հաղորդեց, որ կը պատրաստուի բազմապատկել իր ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիքն ալ տեղեկացուց, որ կազմակերպութիւնը պատրաստ է Ռուսաստանի հետ համատեղ աշխատելու՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութեան ծաւալը գնահատելու համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020