ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ըստ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներուն, երկու ղեկավարները յայտնեցին, որ կը սպասեն Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ դիտարկման կեդրոնի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին գործունէութեան անցնելուն։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ համատեղ կեդրոնը նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի դիտարկման համար։ Զրոյցի ընթացքին Էրտողան շեշտած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ, թէ Հայաստան խուսափի հրադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ պատասխանատուութիւններէն։ Ըստ Էրտողանի, անհասկնալի է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն կողմէ խաղաղութեան ջանքերուն քննադատուիլը։ Սուրիոյ պարագան ալ օրակարգի վրայ եկաւ խօսակցութեան ընթացքին։ Էրտողան համոզուած է, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան վերջ տալու համար ալ անհրաժեշտ են Լեռնային Ղարաբաղի նման՝ արագ ու շօշափելի քայլեր։

Նախընթաց օր «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս նախատեսուած համատեղ դիտարկման կեդրոնի ստեղծումը կը յապաղի Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ գոյացած տարակարծութիւններու բերումով։ Արդարեւ, Թուրքիա կը ձգտի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս անկախ ռազմախարիսխ մը ստեղծել, սակայն Ռուսաստան վերապահութիւն կը ցուցաբերէ։ Նոյն գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են բանակցութիւններ եւ թրքական կողմը կը յուսայ համոզել ռուսական կողմը։ Այս հրապարակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցը։ Երկու կողմերու պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ ալ անդրադարձ չէ կատարուած այս հարցին։ Անգարայի հրապարակումներէն ի տարբերութիւն՝ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Փութին Էրտողանին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահներու ծաւալած գործունէութեան մանրամասնութիւն-ները։ Անոնք արդիւնաւէտօրէն կ՚ապահովեն հրադադարի դրութեան պահպանումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը։ «Ընդգծուած է փախստականներու վերադարձի, ենթակառուցուածքներու վերականգնման, մշակութային ու կրօնական կոթողներու պահպանման հետ կապուած անյետաձգելի խնդիրները լուծելու առաջնահերթութիւնը», նշուած է ռուսական կողմի պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ։ Բաց աստի, ըստ Քրեմլինի, կողմերը կարծիքներ փոխանակած են հրադադարի եւ ռազմական բոլոր գործողութիւններու վերահսկման կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ շարունակուող աշխատանքներուն շուրջ։

Երկու կողմերու հաղորդումներուն մէջ դարձեալ տարբեր շեշտադրումներով անդրադարձ կատարուած է համատեղ ռազմական դիտարկման կեդրոնի ստեղծման հարցին։ Մինչ ռուսական կողմը կարծիքի փոխանակման ձեւաչափին մէջ մատուցած է նիւթը, թրքական կողմի հրապարակումներուն մէջ նկատելի են առաւել չափով գործնականութեան շեշտադրումներ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փութին-Էրտողան երէկուան հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Նոյնպէս երէկ, Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցէն առաջ, ռուս ղեկավարը կապ հաստատեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցած են այդ հեռախօսազրոյցները։ Փութին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ քննարկած է շաբաթավերջին Երեւան եւ Պաքու այցելած Ռուսաստանի բարձրաստիճան ու բազմանդամ պատուիրակութեան շփումներու արդիւնքները։ Փութին Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ աչքէ անցուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութեան դրոյթներու իրագործման ընթացքը։ Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահներու աշխատանքի կարգը, բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու ուղղեալ յետագայ քայլերը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տնտեսական համագործակցութեան եւ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրական հաղորդակցութեան ապաարգելափակման։ Ռուսական կողմի պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ՝ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան ուղիները բանալու վերաբերեալ հարցերու քննարկուած ըլլալը։

Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցներուն զուգահեռ, Փութին յայտարարութիւններ ալ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Մոսկուա քիչ ջանք չի ներդներ միջնորդելու համար իրավիճակի կայունացման։ Ըստ իրեն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը կարգաւորուի եւ ռուս խաղաղապահները կ՚ապահովեն բնակիչներու անվտանգութիւնը։ Բաց աստի, Փութին շեշտեց, որ կը ստեղծուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ նախադրեալներ, որոնք հաշուի կ՚առնեն թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի շահերը։ Ան յիշեցուց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս կը սկսի աշխատիլ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած մասնաւոր կեդրոն մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ մարդասիրական խնդիրներու արձագանգելու։ Այդ կեդրոնը պիտի զբաղի պատերազմական տարածքներու բնակիչներուն յատկացուելիք օգնութեամբ, ենթակառուցուածքներու վերականգնումով եւ բնականոն խաղաղ կեանքի վերաբերեալ կանոններու ստեղծմամբ։ «Մենք կը յուսանք, թէ միջազգային մասնագիտական կազմակերպութիւններ նշանակալի մասնակցութիւն կ՚ունենան այս ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով, որ այս բոլորը երկարաժամկէտ ու լայնածաւալ նախադրեալներ կը ստեղծեն այս վաղեմի հակամարտութիւնը լուծելու համար ի շահ թէ՛ ատրպէյճանցի եւ թէ հայ ժողովուրդներու», ըսաւ Փութին։

Բաց աստի, ռուս ղեկավարը ընդգծեց, որ Մոսկուա հաւատարիմ կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս ձեռք բերուած հիմնական պայմանաւորուածութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս մատնանշեց Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Ըստ Փութինի, հիմնական ձեռքբերումն է արիւնահեղութեան դադրեցումը եւ հրադադարի դրութեան ամրագրումը՝ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութեամբ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ՝ քննարկելով ընթացիկ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղէ ներս։ Ծանօթ է, որ Զարիֆ նախատեսած էր այս շաբթուայ սկիզբին այցելել Մոսկուա եւ Պաքու, սակայն այդ ուղեւորութիւնը ներքին պատճառներով ջնջուած էր եւ ըստ երեւոյթին, այս փուլին փոխարինուած է Լաւրովի հետ հեռախօսազրոյցով։ Բաց աստի, Լաւրով երէկ տեղեկացուց, որ  Փութին հաւանութիւն տուած է, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Կարմիր խաչի աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով կամաւոր ձեւով յատկացուի 2 միլիոն եւրօ։

Միւս կողմէ, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցին առընթեր, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Սթիվըն Պիկանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արա Այվազեան շեշտեց տեղահանեալ արցախահայութեան վերադարձի համար պայմաններու ապահովման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պահպանման ու վերականգնման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու հրատապութիւնը։ Կողմերը կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու սերտ համագործակցութիւնը՝ հակամարտութեան հետեւանքով տուժած անձերու շահերու լիարժէք հասցէագրման գործին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020