ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ԱՄԵՆԱՇԱՏԸ ՊԻՏԻ ՇԱՀԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ըստ իրեն, եթէ Հայաստան դատարկէ իր բռնագրաւած տարածքները եւ սկսի բնականոնացումը, ապա Թուրքիա այս նիւթերուն շուրջ քայլեր պիտի առնէ Ատրպէյճանի հետ։ «Եթէ գործընթացը բնականոնանայ, ապա այստեղ ամենէն շատ պիտի շահին Հայաստանն ու Հայաստանի ժողովուրդը», ըսաւ ան։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Չավուշօղլու կարեւոր պատգամներ հասցէագրած է Հայաստանին, որ Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելէ վերջ պատերազմը կորսնցնելով ձախողած է։ Ան ըսած է հետեւեալը.

«Եթէ այս գործը ճիշդ ընթանայ, եթէ Հայաստան ետ քաշուի իր բռնագրաւած տարածքներէն եւ եթէ սկսի բնականոնացումը, այս նիւթերուն շուրջ Ատրպէյճանի հետ միասին քայլ պիտի առնենք։ Եթէ գործընթացը բնականոնանայ, ապա այստեղ ամենէն շատ պիտի շահին Հայաստանն ու Հայաստանի ժողովուրդը։ Ուրիշի տարածքին վրայ տիրապետութիւնը մշտական չ՚ըլլար։ Հիմա պէտք է կեդրոնանալ, թէ այս միջանցքի բացումով Հայաստան ինչպէս պիտի օգտուի առեւտուրէն»։

Լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած նախարարի խօսքերուն մէջ կան որոշ յստակեցման կարօտ կէտեր։ Ըստ երեւոյթին, Չավուշօղլուի միջանցքի վերաբերեալ յայտարարութիւնը կը վերաբերի Նախիջեւան-Ատրպէյճան անցքի հնարաւորութեան, որու մասին անդրադարձ կատարուած է հրադադարի համաձայնութեան մէջ եւ որու շնորհիւ Թուրքիա պիտի կարողանայ ուղիղ ցամաքային կապ ունենալ դէպի Ատրպէյճան։ Ինչ կը վերաբերի «այս նիւթերուն շուրջ Ատրպէյճանի հետ միասին քայլ պիտի առնենք» արտայայտութեան, ապա, ըստ երեւոյթին, ակնարկութիւնը հնչած է այն մթնոլորտին մէջ, ուր տարածքաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաարգելափակման հարցը օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հեռախօսազրոյցներուն ժամանակ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020