ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎՐԱՍՏԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի Նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի, Վարչապետ Կիրորկի Քվիրիքաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Իրակլի Կոպախիծէի հետ։ Բաց աստի, նախատեսուած է նաեւ իր հանդիպումը Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին բարեկամ երկու պետութիւններու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցերը։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ կ՚այցելէ նաեւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնը եւ Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի «Հերոսներու» հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ մըն ալ կը զետեղէ յուշակոթողին մօտ եւ կը մատուցէ իր յարգանքի տուրքը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017