ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Հայաստանի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը՝ «Արմէնփրէս» ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկեց նամականիշ մը։ Գործակալութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ դրոշմաթուղթի կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս առթիւ առաջին օրուան ծրարը ստորագրեցին եւ դրոշմաթուղթը կնքեցին Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան, «Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան, «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Աւագեան եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Արամ Անանեանին յանձնուեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար նախատեսուած Երախտագիտութեան մետայլը։ Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Կառլէն Աւետիսեան մետայլը յանձնեց Արամ Անանեանին։

Հարկ է նշել, որ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հիմնուած է 1918 թուականի դեկտեմբերին, երբ Առաջին հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի որոշումով ստեղծուած էր աննախադէպ պետական լրատուական՝ հայկական հեռագրական գործակալութիւնը։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018