ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարեց, որ 2019 թուականին աւելի բարենպաստ միջավայր մը պիտի ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացի վերջին միտումները։ Ան ըսաւ. «Անցեալ տարին անարդիւնաւէտ չես որակեր, կարգաւորման համար հիմք դրուած է, հակամարտութեան կողմերը հանդիպած են, յունուարին ալ հանդիպում մը եւս նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ»։

Դեսպան Պոչարնիքով մատնանշեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ բանակցութիւններու մէջ դրական միտումը եւ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին՝ պիտի շարունակէ ամէն ձեւով աջակցիլ այդօրինակ մթնոլորտի մը ամրապնդման։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018