ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԵՑ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկին մէջ խաղացած մրցման ժամանակ ունեցաւ վնասուածք մը, որու հետեւանքով շուրջ մէկուկէս ամիս հեռու պիտի մնայ մարզադաշտերէ։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մարզադաշտ պիտի կարողանայ վերադառնալ հազիւ յառաջիկայ փետրուարին։ Թէ՛ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան եւ թէ «Արսենալ» ակումբի աղբիւրները տեղեկութիւններ հրապարակեցին Մխիթարեանի առողջական վիճակին շուրջ։ Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկէն ներս ներկայիս թէժ մրցապայքար մը կը մղուի եւ այս իրավիճակին մէջ «Արսենալ» ակումբի տեսակէտէ բախտորոշ նշանակութիւն ունի Մխիթարեանի վիճակը։

Անգլիոյ բաժակի քառորդ աւարտականի փուլին «Արսենալ» 2-0 պարտութիւն կրած էր «Թոթնըմ»ի դիմաց եւ այդ մրցման ընթացքին վնասուած էր Մխիթարեանի աջ ոտքի ոսկորը։ Այդ բեկումի դարմանման համար կը նախատեսուի շուրջ մէկուկէս ամսուան ժամանակաշրջան մը, որու աւարտին 29-ամեայ ֆութպոլի աստղը պիտի կարողանայ վերսկսիլ խմբակիցներու հետ մարզումներու։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018