ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը նախատեսուած է այս հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին։

Փաշինեան-Փութին հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018