ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը վերյիշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը։ Այս վերջինը՝ որպէս նախավկայ կարեւոր յիշատակ մը ունի համաքրիստոնէական արժեհամակարգին մէջ։ Իբր այդ, Հայ Եկեղեցին ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը վերյիշէ Ս. Ստեփանոսը, որու տօնը ձօնուած է սարկաւագներուն։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոսի նախատօնակը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած է այս արարողութիւնը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ այս երեկոյեան ժամերգութեան, որու ընթացքին հանդիսադիր հայր սուրբի կողքին էին Տ. Զատիկ  Վրդ. Պապիկեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ սարկաւագներ ու կիսասարկաւագներ։

Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդած նախատօնակէն վերջ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան քարոզեց յաւուր պատշաճի՝ հայրական թելադրութիւններ ընելով ներկայ սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն։ Ան շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ յղեց սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն, որոնց մաղթեց ի Տեառնէ կարողութիւն իրենց ծառայութեանց մէջ բարձր գնահատելով անոնց կողմէ ցուցաբերուած նուիրումը եւ կատարուած սպասարկութիւնը մեր հոգեւոր կեանքէ ներս։

Արձակուելէ առաջ արարողութեան մասնակից սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները զիրար շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Միւս կողմէ, արարողութեան աւարտին ներկայ սարկաւագներուն եւ կիսասարկաւագներուն նուիրուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի 2019 թուականի եկեղեցական օրացոյցը։

Հարկ է նշել, որ այսօր Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը հանդիսաւորապէս կը նշուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր արարողութիւններուն կը նախագահէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի մէջ օրուան տօնին առթիւ նախատեսուած է նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։ Այդ նոր սարկաւագները ապագային կու գան լրացնել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասու շարքերը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018