«FLYONE ARMENIA» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼՐՋՕՐԷՆ ԿԸ ՅԱՒԱԿՆԻ՝ ԵՐԵՒԱՆ-ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ

Մինչ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման հորիզոնը արդէն յստակացած է, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան համապատասխան մարմինները վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարեն՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով, թէ ո՛ր ընկերութիւնները պիտի ներգրաւուին այդ աշխատանքին մէջ։ Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը նախընթաց օր տեղեկացուցած էր, որ Թուրքիայէն «Pegasus» ընկերութիւնը պիտի կազմակերպէ թռիչքները։ Յայտնի է, որ հայկական ընկերութիւններ ալ կը ձգտին այդ աշխատանքին ներգրաւուելու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն երէկ տեղեկացուց, որ առայժմ «FLYONE Armenia» ընկերութիւնը միակն է, որ հայկական պատկան մարմիններուն դիմած է՝ Իսթանպուլ-Երեւան չուերթներու կազմակերպման համար։

Կոմիտէի պատասխանատուներէն Լիլիթ Աղաճանեան երէկ յայտնեց, որ թռիչքներու իրականացման առումով որեւէ սահմանափակում խնդրոյ առարկայ չէ։ Արդարեւ, Հայաստանի օդային մարզը բաց է որեւէ երկրէ իրականացուած որեւէ թռիչքի համար, նաեւ Թուրքիոյ օդային տարածքը փաստացիօրէն բաց է Հայաստանի համար։ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան աղբիւրներն ալ փաստած են, որ առայժմ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքներու կազմակերպման համար դիմում ներկայացուցած միակ ընկերութիւնը կը հանդիսանայ «FLYONE Armenia»ն։  

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021