ԽԱԽԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իսլամական երկիրներէ ներս պաշտօնավարող խախամներու դաշնակցութեան անդամները վերջին օրերուն հաւաք մը իրականացուցած են Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ նախընթաց օր անակնկալ հրաւէր մը ուղղած է անոնց, ինչ որ հետզհետէ արձագանգ կը գտնէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Նախագահը յատուկ օդանաւ մը տրամադրած է խախամներու Անգարա ճամբորդութեան համար ու Պեշթեփէի համալիրէն ներս զրուցած է հրեայ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հետ։ Իսրայէլի մամուլն ալ անդրադարձած է այս տեսակցութեան, որու ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին գտնուած են բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Թուրքիոյ հրեաներու րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւայի կողմէ հիւրերը ներկայացուած են նախագահին, որուն յանձնուած է նաեւ յուշանուէր մը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողան տուած է լայնախոհ պատգամներ՝ մանաւանդ հակասեմականութիւնը որակելով մարդութեան դէմ յանցագործութիւն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021