ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՈՐՁԵԼՈՒ

«Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններէն Հայաստանի ակնկալութիւնն է յարաբերութիւններու կարգաւորումը, բայց խնդիրը բարդ է եւ զգայուն»։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այսպիսի պատգամ մը տուաւ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր որոնումներու մթնոլորտին մէջ։ Լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հարցումներուն առցանց պատասխանելու ժամանակ Փաշինեան ըսաւ. «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներուն եւ բանակցութիւններուն մէջ պէտք չէ արտայայտել չհիմնաւորուած լաւատեսութիւն, որովհետեւ այդ լաւատեսութեան հիմքը չկայ, սակայն, կողմերը ցանկութիւն կ՚արտայայտեն՝ քննարկելու, խօսելու, փորձելու լաւատեսութեան համար հիմք ստեղծելու»։ Ըստ վարչապետին, Երեւանի եւ Անգարայի կողմէ փոխադարձ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամկէտը առայժմ յստակացած չէ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ հնարաւորինս արագ այդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ։ «Բաւական երկար գործընթացի մը կը սպասուի ու պէտք չէ ունենալ չափազանցուած սպասումներ մէկ-երկու հանդիպումով որեւէ յստակ արդիւնք արձանագրելու հարցին մէջ», աւելցուց վարչապետը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ իրեն հասցէագրուած այն քննադատութիւններուն, ըստ որոնց բանակցութիւններու պատրաստակամութիւնով Հայաստան համաձայնած կ՚ըլլայ Թուրքիոյ նախապայմաններուն՝ «Զանգեզուրի միջանցքի» առընչութեամբ։ Վարչապետը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Հայաստան միջանցքային տրամաբանութիւնով որեւէ հարց չէ քննարկած, չի քննարկեր եւ պիտի չքննարկէ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առումով, եթէ խնդիրը դնենք հաղորդակցութիւններու տրամաբանութեան մէջ, մեզի համար կարեւոր է տարանցիկ ուղիներ ստեղծելու, կառուցելու, ձեւաւորելու օրակարգը եւ եթէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ պարզուի, որ հաւանական բացուող, ստեղծուող հաղորդակցութիւնները աւելի ընդարձակ տարածաշրջանային նշանակութիւն կրնայ ունենալ, սա մեր օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մին պիտի ըլլայ. օրինակ՝ սահմանի եւ հայ-թրքական երկաթուղիի բացումը։ Խօսք կ՚երթայ օդային հաղորդակցութեան վերաբացման մասին։ Մենք այս բանը դրական կը գնահատենք, կ՚ողջունենք եւ յոյս ունինք, որ փոխադարձ թռիչքները կը սկսին։ Այսինքն՝ մեր ակնկալութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, բայց պէտք է հասկնանք, որ գործ ունինք բարդ խնդրի հետ, որ ունի բազմաթիւ նրբութիւններ եւ զգայնութիւններ։ Այս հարցին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ շատ զգացական վերաբերմունք»։

Առցանց յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան յիշեցուց, որ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները ըսած են, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առանց նախապայմաններու, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու բացման նախապայման մը չէ եղած։ Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը յստակ ձեւակերպած է իր դիրքորոշումը՝ անոր միջազգային ճանաչման հարցին վերաբերեալ։ Վարչապետի համոզմամբ, Անգարայի հետ քննարկումներու պարագային շատ կարեւոր է, որ բանակցողը ըլլայ իշխանութեան գլուխ գտնուող վարչախումբէն ներկայացուցիչ մը։ Այս հանգամանքը էական գործօն մը համարելով՝ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Երեւանի կողմէ յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կրթութիւնը, բոլորած քաղաքական ճանապարհը եւ արդէն անցուցած բաւական ծանր փորձառութիւնը կարեւոր են։ «Ես նկատի ունիմ, որ հիմա շատ դժուար է մեր վարչախումբի ոեւէ անդամը անփորձ նկատել, որովհետեւ մենք վերջին երեք կամ թէկուզ մէկ տարուայ ընթացքին անցած ենք փորձութիւններու ընդմէջէն, որոնք գուցէ տասնամեակներու փորձառութեան համազօր են։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի՝ ձեւաւորելու համար բանագնացին աջակցելիք խումբ մը։ Բանագնացի գործնթացը կարեւոր, ծաւալուն աշխատանք մըն է, որ խմբային ներգրաւուածութիւն կը պահանջէ։ Ամբողջ գործընթացը պիտի ըլլայ խմբային աշխատանքով։ Գլխաւոր բանակցողը պիտի ըլլայ Ռուբինեանը, բայց սա չի նշանակեր, որ մեր նախորդ փորձառութենէն կտրուած պիտի ըլլայ այս ամէնը», շարունակեց Փաշինեան։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման համար գաղափար մը կայ, պայմանաւորուածութիւն մը չկայ։ Եթէ յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցային գործընթացը յաջող ընթանայ եւ հասուննայ մինչեւ որոշ կէտ մը, ապա, բնականաբար, պէտք է յաջորդեն նաեւ բարձր կամ բարձրագոյն մակարդակով հանդիպումներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով հարթակի ձեւաւորման առաջարկին։ Ծանօթ է, որ այս կապակցութեամբ վերջերս առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր փոխ-վարչապետներու մակարդակով՝ գործնականօրէն «3+2» ձեւաչափով։ Փաշինեանի խօսքով՝ խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի առաջին նիստը, ընդհանուր առմամբ, դրական տպաւորութիւն մը թողած է։ «Սա եղած է առաջին հիմնադիր հանդիպումը եւ քննարկուած են բազմաթիւ ընդհանուր սկզբունքներ՝ թեքնիկ, կազմակերպչական, հանդիպումներու պարբերականութեան, հարցերու շրջանակի քննարկում։ Ինչ որ նախապէս յայտարարած ենք, այդ շրջանակին մէջ եղած է։ Անկեղծ խօսքով, ինչ որ մեզի զեկուցած է մեր ներկայացուցիչը, ընդհանուր առմամբ, դրական տպաւորութիւն ունինք առաջին հանդիպումէն։ Սա չի նշանակեր, որ մեր բարձրաձայնած ահազանգներն ու ռիսքերը գոյութիւն չունին», ընդգծեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ այս ձեւաչափը կը համապատասխանէ կառավարութեան ծրագրին մէջ ձեւակերպուած այն դիրքորոշումներուն, որոնցմով Հայաստան կը ձգտի տարածաշրջանային խօսակցութիւններու մասնակից ըլլալ։ «Եթէ մենք հիմա կը բանակցինք Ատրպէյճանի հետ, եթէ պիտի բանակցինք Թուրքիոյ հետ, եթէ Իրանի հետ մեր երկխօսութիւնը մշտական է, Ռուսաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, եթէ առանձին-առանձին բոլորին հետ կը խօսինք, ապա անտրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ ըսենք՝ որ այդ միջավայրին մէջ չենք խօսիր։ Հայկական կողմի նախապայմանն է, որ պիտի չքննարկենք այնպիսի հարցեր, որոնք այլ ձեւաչափերու մէջ կը քննարկուին։ Այս մասով կայ ըմ-բըռնում, որովհետեւ ոեւէ մէկը չ՚ուզեր այդ քննարկման ձախողումը։ Անտրամաբանական կ՚ըլլայ եթէ մենք հաւաքուինք եւ քննարկումը ձախողման ուղղութեամբ տանինք։ Այդ ըմբռնումը կայ, ինչ որ չի նշանակեր, թէ յաջորդ պահուն ձախողման փորձ պիտի չըլլայ», համոզուած է Փաշինեան։

Երեւանի կողմէ Պաքուին հերթական պատգամներ փոխանցելու հնարաւորութիւնն ալ ընձեռեցին Փաշինեանի երէկուան յայտարարութիւնները։ «Շահագրգռուած ենք խաղաղութեան պայմանագրի կնքումով եւ անոր շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկով», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ առաջարկած էին բանակցային օրակարգ մը, որու կէտերէն մին ալ խաղաղ ու համապարփակ կարգաւորման խնդիրն էր։ «Մենք այդ բանով շահագրգռուած ենք, չենք հրաժարած այդ նիւթին շուրջ խօսելէ ու պիտի չհրաժարինք», ըսաւ ան։ Վերջին շրջանի բարձր մակարդակի շփումներուն ալ անդրադարձաւ վարչապետը, ըստ որու, Սոչիի եռակողմանի հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնք լրջօրէն կասկածի տակ դրին խօսակցութիւնները։ Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումներէն վերջ, բարեբախտաբար, այդպիսի իրադարձութիւններ տեղի չունեցան։ Պատասխանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Պրիւքսելի մէջ ունեցած առանձնազրոյցի վերաբերեալ հարցման՝ Փաշինեան ըսաւ. «Շարունակեցինք քննարկել մեր օրակարգի հարցերը»։ Առանձնազրոյցի ընթացքին ծաւալուած քննարկումը չէ տարբերած այդ առանձնազրոյցէն առաջ ու վերջ կատարուած խօսակցութիւններէն։

«Հայաստան կը փափաքի նաեւ հաղորդակցութիւններու բացում եւ այդ բոլոր ուղղութիւններով յառաջ պիտի երթայ։ Պարզ է, որ այդ բանակցութիւններու ընթացքին Ատրպէյճան պիտի փորձէ այնպէս մը ընել, որ իր շահերը ըլլան առաւել արտայայտուած, Հայաստանն ալ պիտի փորձէ ընել նոյնը։ Բայց, եթէ մենք յաջողինք ձեւաւորել խաղաղութեան այնպիսի մոտել մը, որ ձեռնտու կ՚ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի համար, այդ պարագային, գուցէ, բանակցային սեղանը աւելի պակաս հակամարտութեան կամ հակադրութեան դաշտ կ՚ըլլայ։ Աւելի շատ դիմացինի տեսակէտը հասկնալու եւ այդ տեսակէտէն ինչ-որ դրոյթներ դուրս բերելու հնարաւորութիւն ըլլայ», նշեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ Սոչիի եւ Պրիւքսելի հանդիպումներուն ժամանակ յստակօրէն կային այդպիսի նախադրեալներ։

«Եթէ հայկական բեռները Ատրպէյճանով չանցնին, ապա Ատրպէյճանիններն ալ Հայաստանէն չեն անցնիր», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Պրիւքսելի հանդիպումէն յետոյ տեսանելի դարձած է որոշ լուծում մը՝ ցամաքուղիներու ապաշրջափակման հարցով։ «Թէ՛ ես, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահը փորձեցինք մտնել մանրամասնութիւններու մէջ, փորձեցինք հասկնալ, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ մենք կ՚արտայայտենք ահա այսպիսի դիրքորոշումներ, որովհետեւ հրապարակայնօրէն հնչած դիրքորոշումները սառցալերան երեւելի կողմն է։ Բայց կան պատճառներ եւ խնդիրներ, որոնց բերումով այս կամ այն դիրքորոշումը կ՚արտայայտենք։ Եւ երբ որ մտանք մանրամասնութիւններու մէջ, անկեղծ ըսած, այդ մանրամասն քննարկումներու ժամանակ այդտեղ ալ հնարաւորութիւն տեսայ, որ մենք կրնանք գալ որոշակի լուծումներու, ուր իսկական լուծում կրնան ստանալ թէ՛ մեր դիրքորոշումները եւ թէ Ատրպէյճանի յառաջ քշած զուտ գործնական խնդիրները։ Բայց այս մասով որեւէ պայմանաւորուածութիւն չունինք, պարզապէս այդ հանդիպումէն յետոյ որոշ հնարաւորութիւններ տեսայ եւ հնարաւորութիւնները պէտք է փորձենք օգտագործել, որպէսզի այս հարցին մէջ գտնենք իրական փոխզիջումային լուծում, որ չի հատեր այն կարմիր գիծերը, որոնց մասին ես արդէն ըսած եմ ցամաքուղիներուն մասով», դիտել տուաւ Փաշինեան։

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 28 դեկտեմբերին նախատեսուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովը, որուն պիտի մասնակցին թէ՛ Փաշինեան եւ թէ Ալիեւ։ Վարչապետը երէկ յայտնեց, որ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կ՚ըլլան շփումներ Ալիեւի հետ։ «Այս պահուն պաշտօնական երկկողմանի հանդիպման մը առաջարկ չկայ, սակայն, Ատրպէյճանի նախագահին հետ շփում կ՚ըլլայ։ Այս պահուն պաշտօնական բանակցութեան առաջարկ չենք ստացած։ Գագաթաժողովը անպաշտօն է, հետեւաբար շփումները նոյնպէս անպաշտօն են», նշեց Փաշինեան։  

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021