ԲԱԶՄԱԶԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան, որ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Տա­ւո­սի Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ֆո­րու­մին, ե­րէկ շա­րու­նա­կեց շփում­ներ ու­նե­նալ բազ­մա­զան գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի, Էս­թո­նիոյ Վար­չա­պետ Եու­րի Ռա­թա­սի, Հո­լան­տա­յի Վար­չա­պետ Մարք Ու­թէի, ինչ­պէս նաեւ Ճա­բո­նի Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թեան նա­խա­գահ Շի­նի­չի Քի­թաօ­քա­յի հետ։ Այս վեր­ջի­նը ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց ծրա­գիր­նե­րը պի­տի ըլ­լան շա­րու­նա­կա­կան։

Սաատ Հա­րի­րիի հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան եւ Լի­բա­նան ա­ւան­դա­բար ա­մուր եւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­հագրգ­ռուած է այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լով եւ ընդ­լայ­նե­լով։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին նաեւ Լի­բա­նա­նի հայ հա­մայն­քին դե­րը՝ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ա­մուր կա­պե­րու գո­յու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան իր պաշ­տօ­նակ­ցին ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման մի­տում­ներն ու նա­խա­ձեռ­նուած բա­րե­փո­խում­նե­րը։

Իր կար­գին, Սաատ Հա­րի­րի նշեց, որ ի­րենք մտա­դիր են սեր­տօ­րէն աշ­խա­տիլ Հա­յաս­տա­նի ու հայ­կա­կան գոր­ծա­րա­րու­թեան հետ եւ պատ­րաս­տա­կամ են յստակ քայ­լեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու այս ուղ­ղու­թեամբ։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Սաատ Հա­րի­րին հրա­ւի­րեց այ­ցե­լել Հա­յաս­տան։ Լի­բա­նա­նի վար­չա­պե­տը սի­րով ըն­դու­նեց այդ հրա­ւէ­րը։

Միւս կող­մէ, Տա­ւո­սի շփում­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան «Օ­րա­կարգ» լրա­տուա­կան ծրագ­րին։ «Մենք պէտք է հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տինք, պէտք է լսե­լի ըլ­լանք աշ­խար­հի հա­մար», ը­սաւ այս հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

 

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018