ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՄԱՆ ՓՈՐՁԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խորդ գի­շեր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կա­տա­րե­ցին ներ­թա­փանց­ման փորձ մը։ Դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ 25 Յու­նուա­րի գի­շե­րը՝ ժա­մը 02.00-ի սահ­ման­նե­րուն։ Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած հայ­կա­կան դիր­քե­րէն մէ­կուն պաշտ­պա­նա­կան հա­տուա­ծին մէջ, Ար­ցա­խի բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րու կող­մէ հա­ւաս­տան­շուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու հե­տա­խու­զա­կան խում­բի ներ­թա­փանց­ման փոր­ձը։ Ձեռ­նար­կուած կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ատր­պէյ­ճան­ցի յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րը ետ մղուե­ցան։ Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մը ու­նի կո­րուստ­ներ։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց այս ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. «Պա­քու կը փոր­ձէ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի վրայ ու­նե­ցած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ձա­խո­ղում­նե­րը փո­խա­րի­նել, շե­ղել ու­շադ­րու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու խախ­տում­նե­րէն՝ սադ­րանք­ներ հրահ­րե­լով շփման գծին վրայ։ Պի­տի չյա­ջո­ղին»։

­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեանն ալ ան­մի­ջա­պէս հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով վեր­ջին դէպ­քե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, փոխ-նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մե­տեա­րո­վի Քրա­քո­վի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած էին շարք մը պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Պա­քու դժգոհ է այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րէն եւ այս հան­գա­ման­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած է սահ­մա­նի վրայ ի­րա­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թիւ­նը։

Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի խօս­քե­րով՝ նո­րու­թիւն չէ, որ հան­դի­պում­նե­րէն ա­ռաջ կամ յե­տոյ Ատր­պէյ­ճան, որ­պէս կա­նոն, կ՚աշ­խու­ժաց­նէ իր այդ քայ­լե­րը։ Այս­տեղ կա­րե­լի է մէկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն ը­նել. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճան ստի­պուե­ցաւ ձեռ­նար­կել ո­րոշ քայ­լե­րու եւ այդ քայ­լե­րը կը թուին ձեռն­տու չըլ­լալ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ։ Այժմ Պա­քու իր դժգո­հու­թիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տէ այս­պէ­սով։

Փոխ-նա­խա­րար Քո­չա­րեան ընդգ­ծեց նաեւ, որ Հա­յաս­տան ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ պահ­պա­նե­լու հա­մար ռազ­մա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը, ընդ ո­րում, ա­ւե­լի մատ­չե­լի գի­նե­րով։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ անհ­րա­ժեշտ է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ բարձ­րաց­նել ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Մա­րիա Զա­խա­րո­վա շա­բա­թա­կան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին պա­տաս­խա­նեց այն հարց­ման, ըստ ո­րու ար­դեօք ռու­սա­կան կող­մը կը պատ­րաս­տուի՞ աշ­խու­ժաց­նել ջան­քե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ռուս բան­բե­րը ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Իմ կար­ծի­քով, անհ­րա­ժեշտ է բարձ­րաց­նել ոչ թէ աշ­խու­ժու­թիւ­նը, այլ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Կը կար­ծեմ, թէ բո­լո­րը կը զբա­ղին այդ բա­նով»։

­Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ 1 Փետ­րուա­րին Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լաւ­րով հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Ի­տա­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ան­ճե­լի­նօ Ալ­ֆա­նո­յի հետ։ Մոս­կուա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Լաւ­րով-Ալ­ֆա­նօ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին Լաւ­րով Մոս­կուա­յի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ իր ի­տա­լա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ 

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018