ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին ձեռ­նար­կուած «Ձի­թե­նիի ճիւղ» լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը թե­ւա­կո­խած են ար­դէն եօթ­նե­րորդ օ­րը։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջին վեց օ­րե­րու տուեալ­նե­րով՝ ցայ­սօր ա­ւե­լի քան 343 ա­հա­բե­կիչ չէ­զո­քա­ցուած է բա­նա­կին կող­մէ։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ե­րէկ 14 ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր ռմբա­կո­ծե­ցին 25 թի­րախ­ներ։ Աֆ­րի­նի մօ­տա­կայ­քին ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ եօթ ա­հա­բե­կիչ։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին կու­տա­կում­ներ կա­տա­րել Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ։ Այս­պէս, ե­րէկ սահ­մա­նա­կից Քի­լիս քա­ղա­քի Էլ­պէյ­լի գա­ւա­ռա­կը հա­սան թի­ւով շուրջ 20 զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­ներ եւ ա­կան­նե­րու դէմ տո­կուն այլ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շարժ­ներ։ Կա­զիան­թէպ-Քի­լիս ցա­մա­քու­ղիէն ան­ցաւ այն շա­րա­սիւ­նը, որ հա­սաւ սահ­ման՝ այս կու­տա­կում­նե­րուն հա­մար։

Ռմբա­կո­ծում­նե­րուն զու­գա­հեռ, ցա­մա­քէն ալ կը շա­րու­նա­կուի բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ լքուած դիր­քե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կ՚անց­նին թրքա­կան քո­ման­տո­նե­րու հա­կակշ­ռին ներ­քեւ։

Մինչ այդ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ այ­ցե­լեց Սու­րիոյ սահ­մա­նը։ Ան մեկ­նե­ցաւ Հա­թայ՝ «Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կեդ­րո­նը։ Իր հետն էին Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար, Փոխ-վար­չա­պետ Պե­քիր Պոզ­տաղ, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի, Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Եա­շար Կիւ­լէր եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Բ. զօ­րա­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Իս­մա­յիլ Մե­թին Թե­մէլ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին «Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին շուրջ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին։

Հրա­մա­նա­տա­րա­կան կեդ­րո­նին մէջ Էր­տո­ղան խօսք ուղ­ղեց զի­նուոր­նե­րուն։ Ան շեշ­տեց, որ Աֆ­րի­նի հա­մար ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը հե­տապն­դեն ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կը։ Այս գոր­ծո­ղու­թեան հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րէն մին է տա­րած­քաշր­ջա­նը մաք­րա­գոր­ծել ա­հա­բեկ­չա­կան բո­լոր տար­րե­րէն։ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ զի­նուոր­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն մը եւ ա­նոնց յղեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց նաեւ, որ «Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին՝ մին­չեւ որ ակն­կա­լուած ար­դիւնք­նե­րը ա­պա­հո­վուին։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ Թուր­քիա աչք չու­նի ո­րե­ւէ երկ­րի տա­րած­քին վրայ։ Աֆ­րի­նի ա­հա­բեկ­չա­կան տար­րե­րէն մաք­րա­գոր­ծու­մէն վերջ քա­ղա­քը պի­տի յանձ­նուի իր բուն տէ­րե­րուն։ Այդ տա­րած­քաշր­ջա­նի ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն մաք­րա­գոր­ծու­մը, Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, պի­տի ա­րա­գաց­նէ նաեւ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած սու­րիա­ցի­նե­րու վե­րա­դար­ձը։

Միւս կող­մէ, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ «Ձի­թե­նիի ճիւղ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Դա­շին­քի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա կը հան­դի­սա­նայ ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ այն եր­կի­րը, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու կ՚են­թար­կուի։ Իր խօս­քե­րով՝ Թուր­քիան ալ այլ եր­կիր­նե­րու նման ու­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւունք։ Բայց եւ այն­պէս այս բա­նը պէտք է ը­նել հա­մա­չափ եւ չա­փա­ւոր ձե­ւով ու­ժի կի­րա­ռու­մով։ «Նե­րա­ռեալ Թուր­քիան, այլ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին ես կը փո­խան­ցեմ այս պատ­գա­մը։ Ան­ցեալ շա­բաթ խօ­սե­ցայ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ։ Մենք շա­հագր­գիռ միւս եր­կիր­նե­րուն հետ կա­նո­նա­ւոր կա­պի մէջ ենք, նե­րա­ռեալ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը։ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին մեր վկա­յած փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց լա­ւա­գոյն ճա­նա­պար­հը գտնե­լու հա­մար ես ուղ­ղա­կի շփում­ներ մշա­կե­լու կոչ կ՚ուղ­ղեմ ԱՄՆ-ի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ», ը­սաւ Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ։

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018