ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիա օժանդակութիւն ուղարկեց Հայաստան՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մարդասիրական խնդիրներու լուծման առաջադրութեամբ։ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ թռիչքով երէկ տեղ հասաւ՝ 30 թոն ծանրութեամբ այս մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ ներառեալ երկու մինիպիւս։ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ հայկական կողմին յանձնուեցաւ մարդասիրական օժանդակութիւնը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս օժանդակութիւնը կազմակերպուած է Պերլինի մօտ հայկական դեսպանատան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ «Սիլվա Կապուտիկեան» գերմանահայ կանանց միութեան սերտ համագործակցութիւնով։

Մարդասիրական օժանդակութիւնը կը ներառէ, ըստ էութեան, բժշկական սարքաւորումներ, դեղամիջոցներ, ընկերային ոլորտի համար զանազան իրեր։ Նոյն ամբողջին մէջ Երեւան ուղարկուած մինիպիւսներու համապատասխան յենաշարժային սարքաւորումներն ալ տրամադրուած են։ Անոնք պիտի օգտագործուին Ստեփանակերտի վերականգնման  կեդրոնին համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Գերմանիոյ կառավարութիւնը այս շրջանին գումարային յատկացումներ ալ կատարած է՝ աջակցելով մարդասիրական աջակցութեան ծրագրերուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021