ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սերկէյ Իսթրաքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան  նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւններու մակարդակով նախատեսուած համագործակցութեան շուրջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ։ Օրակարգի վրայ եկան հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները։

Հանդիպումներու ընթացքին նախանշուեցան յառաջիկայ աշխատանքներու ծաւալներն ու առանցքները։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021