ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ 15-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեայ յոբելեանը։ Հարկ է նշել, որ գործունէութեան 15 տարիներու ընթացքին այս նուագախումբը չորս փառատօն հիմնադրած է։ Անոնց միշտ մասնակցած են անուանի մենակատարներ, արտասահմանէն խմբավարներ։ Կեանքի կոչուած բազմաթիւ երաժշտական նախագիծերու իրականացման ամբողջին մէջ առանձնացած են կրթական ծրագրերը։ Նուագախումբը հարիւրաւոր համերգներով հանդէս եկած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ՝  միշտ ներկայացնելով հայ երգահաններու դպրոցի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։

Նուագախումբի տնօրէն Սարգիս Պալպանեան յայտնեց, որ 15 տարի առաջ, յունուարի 25-ին տեղի ունեցած էր նուագախումբի անդրանիկ համերգը։ Ուստի, երէկուան յոբելենական համերգը ունէր մեծ նշանակութիւն եւ կազմակերպուած էր համապատասխան ոգեւորութեամբ։

Նուագախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան, որ այս ճանապարհորդութեան սկսած է իսկապէս շատ երիտասարդ տարիքին, որ  յոբելեանի առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «15 տարիներու մեր փորձառութիւնն ու մեր գործընկերներու հետ աշխատելու փորձառութիւնը գերագոյն ձեռքբերումն է ինձ եւ իմ ընկերներուն համար։ Ես կը կարծեմ, թէ յառաջիկայ տարիներուն շատ աւելի մեծ ձերքբերումներ կ՚արձանագրենք։ Ամէն պարագայի, նոր ծրագիրներ շատ ունինք։ Կը խօսինք ինքնուրոյն նուագախումբի մը մասին, որ կը կարողանայ նաեւ համատեղել ոչ-դասական, ոչ-չափանիշային նախագիծերը՝ ստեղծագործական, նորարարական եւ ակադեմական երաժշտութեան հետ», ըսաւ Սերկէյ Սմբատեան։

Երէկ երեկոյեան Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ 15-ամեակի յոբելենական համերգը։ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս եկաւ՝ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Ձեռնարկի ծրագրին մասնակցեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ մեներգչուհի Յասմիկ Պապեան։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրերու շարքին էր հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանն ալ հետեւեցաւ յոբելենական համերգին։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021