ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ

Երէկ, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Իսթանպուլի մէջ։ Ճանաչողական բանակցութիւններու 61-րդ փուլն էր այս մէկը։ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ շուրջ հինգ տարիէ ի վեր համապատասխան երկխօսութիւնը ընդհատուած էր։ Ուստի, բանակցութիւններու վերսկսումը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր անցեալին երկու հարեւան երկիրները բաւական լուրջ լարուածութիւններ դիմագրաւեցին։ Երէկ Իսթանպուլի մէջ վերսկսած բանակցութիւնները յառաջիկային պիտի շարունակուին Աթէնքի մէջ։

Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Սետաթ Էօնալ։ Յունաստանի պատուիրակութեան գլուխը գտնուեցաւ վաստակաւոր դեսպան Փաւլով Ափոստոլիտիս։ Բանակցութիւններուն անակնկալօրէն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Այս վերջին, միեւնոյն ժամանակ, Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի փոխ-նախագահն է։ Իպրահիմ Քալընի քննարկումներու ներգրաւուիլը Յունաստանի լրատուամիջոցներուն կողմէ վրագրուած է՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ այս բանակցութիւններուն նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան։

Դիւանագիտական աղբիւրներու քննարկումներով, երէկուան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին՝ նախորդած վաթսուն փուլի տեւողութեան շօշափուած նիւթերը եւ այդ ընդհանուր արժեւորման լոյսին տակ խոշորացոյցի տակ առնուեցան այժմու կացութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները՝ ապագայի ուղղեալ նիւթերու շուրջ առնուելիք հաւանական քայլերու յստակեցման առաջադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021