ՆՈՐ ԽԱՂԱԿԱՆՈՆՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ, որ տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է, երէկ, Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Շարունակելով իր ուղեւորութիւնը ան այսօր ժամանած է Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Զարիֆի ուղեւորութեան յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Երեւան, ուր ան վաղը Հայաստանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ պիտի տեսակցի։ Ճեւատ Զարիֆ յաջորդող օրերուն պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Թուրքիա։ Ճեւատ Զարիֆի վարած բանակցութիւններու ժամանակ օրակագրի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ յետպատերազմեան պայմաններով ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ։ Կովկասի մէջ այժմ կան կարեւոր խմորումներ, նոր խաղականոններ կը ձեւաւորուին եւ այս ամբողջին մէջ Թեհրան կը ձգտի ունենալ իր դերը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆը ընդունելու ժամանակ Իլհամ Ալիեւ ողջունեց պատերազմէ վերջ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս տնտեսական վերականգնման՝ Իրանի ընկերութիւններու մասնակցութեան առաջարկը։

Բաց աստի, Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեց, Իրան-Ատրպէյճան-Ռուսաստան եւ Իրան-Ատրպէյճան-Թուրքիա եռակողմանի ձեւաչափերով ապագայ գագաթաժողովներու կազմակերպման գաղափարին շուրջ։

Իր կարգին, Զարիֆ Ատրպէյճանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը շնորհաւորեց վերջին յաղթանակներու կապակցութեամբ եւ վերահաստատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղեալ պատրաստակամութիւնը։ Բաց աստի, Զարիֆ նշեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Կովկասի համար տարածքաշրջանային համագործակցութեան վեցակողմ հարթակ մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը։ Ըստ իրեն, այս գաղափարը կը նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։

Մոսկուայի դիւանագիտական պաշտօնական աղբիւրները Լաւրով-Զարիֆ այս օրուան հանդիպումէն առաջ տեղեկացուցին, որ կը քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Նախարարներու այս օրուան հանդիպման ընդառաջ ռուսական աղբիւրները տեղեկացուցին նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն Մոսկուա պիտի այցելէ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել, որու հետ եւս Լաւրով պիտի շօշափէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։  

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021