ՎԷՃԵՐ ԵՒ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն մատնանշել երկրի հարաւի՝ Սիւնիքի մարզի հարցերը։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքները, որոնք յետպատերազմեան պայմաններով յառաջ կը տարուին, ծայր աստիճան խնդրայարոյց վիճակ մը ստեղծած են, կը զուգորդուին հաւանական լուրջ վտանգներով ու մանաւանդ՝ իշխանութիւններու անզօրութիւնով ու անտարբերութիւնով։

Արման Թաթոյեան երէկ հերթական այցելութիւնը տուաւ Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ գիւղերը եւ այս կապակցութեամբ դարձեալ հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեց ահազանգային տուեալներ։ Անցեալ դարասկիզբին վերաբերեալ պատմական տուեալներ մատուցելով՝ Արման Թաթոյեան արխիւային փաստաթուղթերու լոյսին տակ յիշեցուց, որ այդ ժամանակ եւս յառաջացած էին լուրջ բարդութիւններ։ Ուստի, ան համոզուած է, թէ անցեալի մէջ գործուած բոլոր սխալները հաշուի պէտք է առնուին, անոնցմէ անհրաժեշտ դասերը պէտք է քաղուին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներու իրաւունքներու պարագային խախտումները կանխելու համար։

«Արխիւային փաստաթուղթերը ակնյայտ կը հաստատեն, թէ որքան անորոշ ըլլան սահմանային հարցեր կամ լուծուին այսօրուան անթոյլատրելի մեքանիք մօտեցումներով, ապա այնքան յառաջ պիտի գան վէճեր ու ընդհարումներ», յայտնած է Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծած է, որ առկայ անորոշութիւնները կը վտանգեն գիւղացիներու իրաւունքները։ Թաթոյեան վերյիշած է 1926 թուականին ձեւաւորուած տեղական յանձնաժողովի մը վերաբերեալ զանազան տուեալներ։ Այդ յանձնաժողովին մաս կազմած էր յայտնի գրող Աքսել Բակունց, որ մասնագիտութեամբ հողաշինարար էր եւ յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէր նմանօրինակ խնդիրները այդ ժամանակ։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021