ՆՈՐ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայացաւ դատարան։ Ինչպէս ծանօթ է, երկրէն ներս տեղի ունեցած իշխանափոխութեան յաջորդած շուրջ երկու տարուայ ժամանակաշրջանին՝ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին երկիրը ղեկավարած յառաջատար բոլոր դէմքերը կը կանգնին դատարանի առջեւ։ Սերժ Սարգսեանի պարագան Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի հերթական աղմկայարոյց դատական գործընթացը կը հանդիսանայ եւ, բնականաբար, կը ստեղծէ մեծ հետաքրքրութիւն։ Հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ սկսաւ այս նոր դատավարութիւնը՝ մանաւանդ, որ ապրիլ ամսուան սկիզբին հանրաքուէ մըն ալ նախատեսուած է երկրին մէջ։

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան կը մեղադրուի զեղծումներով եւ իւրացումներով։ Նոյն դատական գործի ծիրին մէջ ներգրաւուած են նաեւ այլ անձնաւորութիւններ. օրինակ՝ Սերկօ Կարապետեան (նախկին գիւղատնտեսութեան նախարար), Բարսեղ Բեգլարեան («Ֆլեշ» ընկերութեան ղեկավար) եւ այլք։

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Աւան եւ Նորք Մարաշի նստավայրի դատաւոր Վահէ Միսաքեանի նախագահութեամբ երէկ սկսաւ Սերժ Սարգսեանի դատավարութիւնը։ Հայաստանի նախկին ղեկավարը անձամբ արդէն մասնակցեցաւ դատական նիստին, որու ընթացքին դատաւորը ճշդեց մեղադրեալներու կենսագրական տուեալները։ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ քննութեան առնուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու համադրութեան հիման վրայ պարզուած է նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ նոյն գործով միւս մեղադրեալներու ամբաստանագիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ալ կը գտնուի կալանքի տակ եւ իր դատավարութիւնն ալ ընթացքի մէջ է։ Առաջին դատավարութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանի պաշտպան փաստաբանները պահանջեցին, որ մեղադրականը պատրաստած դատախազ Արսէն Մարտիրոսեան ներկայացնէ ինքնաբացարք։

Երէկ ուշագրաւ զարգացումներ տեղի ունեցան Երեւանի մէջ։ Խօսքը մասնաւորապէս Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի դատարանի առջեւ կանգնելու երեւոյթին մասին է, որ կ՚ամբաստանուէր ապօրինաբար կէս միլիառ հայկական դրամ (մօտաւորապէս 100 միլիոն ամերիկեան տոլար) իւրացնելու մեղադրանքով։

Ի դէպ, Սարգսեանի դատարանի առջեւ կանգնիլը նորութիւն մը չէր յետյեղափոխական Հայաստանի մէջ եւ ինչպէս գիտենք, Սարգսեանէն շատ առաջ նոյն «ճակատագրին» արժանացած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որուն ներկայացուած մեղադրանքը կապ ունէր մարտի 1-ի դէպքերուն հետ եւ այդ առումով ալ ան ցայսօր կը գտնուի կալանքի տակ։

Սարգսեանի պարագան բոլորովին տարբեր էր Քոչարեանի խնդրէն, տրուած ըլլալով նաեւ, որ ոչ միայն փողոցին մէջ լարուածութիւն չէր երեւար, այլ նաեւ դատավարութեան բնոյթը եւ կերպով մը «շպարուած» մեղադրանքի ներկայացումը նախկին նախագահը կը դնէին համեմատաբար աւելի տանելի կացութեան մը առջեւ։

Մանրամասնութեանց մասին խօսելով նշեմ, որ Սերժ Սարգսեանին դէմ ներկայացուած մեղադրանքը կապուած էր 2013 թուականին տեղի ունեցած չարաշահումի մը հետ, որուն հետեւանքով ալ, ըստ մեղադրող կողմին, Սարգսեան գործի դրած էր կարգ մը ազդեցիկ գործիչներ եւ անոնց շնորհիւ ալ կարողացած էր պետական գանձին վնաս տալով եւ ապօրինի միջոցներ գործածելով կէս միլիառ դրամ արժող վառելանիւթ իւրացնել։

Ուշագրաւ էր նաեւ, որ դատական այդ գործը «ստեղծող» կողմը կը համարուէր նոյն գործով մեղադրեալ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան անդամ Սերկօ Կարապետեան, որուն երէկ դատարանի դահլիճ մուտք գործելը կ՚ուղղեկցուէր բարձրաձայն անուանարկումներով եւ վիրաւորանքներով։

Հարկ է նշել նաեւ, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտպան փաստաբանը՝ Ռուբէն Յակոբեան, որ երէկուան դատին կարճ խօսքով մը հանդէս կու գար, չէր նշեր Կարապետեանի անունը, սակայն մեղադրանքը կը համարէր «ապօրինի ամբաստանութիւն, որովհետեւ մեղադրանքը անհիմն է եւ ներկայացուած տուեալները իրերամերժ են, հակասական անտրամաբանական եւ անարժանահաւատ»։

Կարճատեւ դատի աւարտին՝ Սերժ Սարգսեան դուրս կու գար դատարանի դահլիճէն, միանալու համար իր քաղաքական խումբի երեւելի անձնաւորութիւններուն ու կարճ խօսքով մը կը դիմէր իր համակիրներուն։ Ան կը խօսէր բացառապէս Արցախեան հիմնախնդրին մասին՝ յիշեցնելով, որ Արցախի խնդրով ոչ մէկ զիջում պէտք է ըլլայ։

Գալով Հայաստանի իշխանական կողմին, որուն կարեւոր ներկայացուցիչը համարուող Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան անընդունելի կը համարէր իրենց ուղղուած մեղադրանքը այն մասին, թէ Սերժ Սարգսեանի դատավարութիւնը քաղաքական է։ Ան Սարգսեանի ելոյթը կը համարէր անյաջող, նաեւ նկատել կու տար, որ իրենք եթէ ուզէին, կը կարողանային աւելի ծանր մեղադրանքներով դատել Սերժ Սարգսեանը։

Դատի, դատավարութեան, նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ եղած կրակոցներու լոյսին տակ ընթացած զարագցումներն ալ իրենց աւարտին կը հասնէին երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեանբ հանրաքուէի «Այո» ճամբարին համար եղած դրամահաւաքի հանրահաւաքով։ Այս ընթացքին ալ հակիրճ խօսք մը կ՚արտասանէր վարչապետ Փաշինեան ու կը վստահեցնէր՝ «անկախ հանրաքուէի արդիւնքներէն Հայաստանի մէջ գլխաւոր յաղթանակողը պիտի դառնայ Հայաստանի քաղաքացին»։

Այս բոլորէն անդին, յստակ է նաեւ, որ համաժողովրդային մեծ ժողովրդականութիւն վայելող գործող իշխանութիւններուն համար յառաջիկայ ապրիլին տեղի ունենալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն կարեւոր փուլ մը պիտի ըլլայ։ Անկէ ետք յայտնի պիտի դառնայ ուժերու ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը։ Իսկ դատական ընթացք առած գործընթացները պիտի շարունակուի՞ն, թէ՞ ոչ. այդ եւս յայտնի կը դառնայ յառաջիկայ ամիսներուն։

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 26, 2020