ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՈՍՏՈՒՄ

Ֆրանսայի եւ Չինաստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան տասնչորս պայմանագիր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինը։ Երկու նախագահներու հանդիպման զուգահեռ ընդգրկուած համագործակցութեան փաստաթուղթերը կ՚ընդգրկեն զանազան ոլորտներ՝ ներառեալ ուժանիւթը, մշակոյթը, տիեզերքը, օդանաւաշինութիւնը, նաւաշինութիւնը, դրամատնային համագործակցութիւնը։ Այցելութեան առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Չինաստանի կողմէ «Էրպիւս» օդանաւերու ձեռքբերման գործարքն ալ աւարտած է, սակայն այդ մէկուն գումարը չէ նշուած։ Փաստաթուղթերու շարքին յիշատակուած էր 15 հազար բեռնարկղներու համար տասն բեռնատար նաւերու կառուցման համաձայնագիրը։ Ֆրանսայի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած պայմանագրերը կը վերաբերին նաեւ համատեղ արբանեակներու ստեղծման եւ տիեզերքի հետազօտման բնագաւառէ ներս կողմերւ գիտական կեդրոններու համագործակցութեան։

Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ ֆրանս-չինական այժմու քննարկումները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ միջազգային նոր համակարգի մը համատեղ բնորոշումը կառուցելու տեսակէտէ։ Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսա եւ Չինաստան միասնաբար պէտք է աշխատին՝ նպաստելու համար բազմաբեւեռ աշխարհի մը ձեւաւորման եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ աւելի շատ ժողովրդավարութեան ձգտելու համար։

Չինաստանի նախագահը Մաքրոնի հետ երէկուան այցելութեան զուգահեռ այսօր հանդիպումներ կ՚ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ։ Վերջին օրերուն ան այցելած էր նաեւ Մոնաքօ եւ Իտալիա։

Յառաջիկայ ամիս նախատեսուած է Եւրոմիութիւն-Չինաստան գագաթաժողովը, որու ընդառաջ Ցինփին կ՚իրականացնէ ներկայ շրջագայութիւնը։ Այս փուլին օրակարգի վրայ են նաեւ որոշ մտահոգութիւններ, ըստ որոնց Չինաստան Եւրոպայի մէջ մեծ ծրագրերու ներգրաւուելով կը փորձէ լծակներ ձեռք բերել՝ տարածքաշրջանի երկիրներուն վրայ ազդեցութիւնը բարձրացնելու նպատակով։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019