ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ ՄԻՇՏ ԶՕՐԱՎԻԳ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընհանուր քարտուղարը երէկ տեսակցեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Սթոլթենպերկ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորեայի հետ կ՚այցելէ ՆԱԹՕ-Վրաստան Ուսուցման եւ գնահատման համատեղ կեդրոն, ուր աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կ՚ընթանան ռազմափորձեր։

Եէնս Սթոլթենպերկ Թիֆլիզի մէջ յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ Սեւ ծովէ ներս Վրաստանին աջակցելու համար միջոցառումներ կը քննարկէ։ Ան աւելցուց, որ Սեւ ծովու տարածքաշրջանէն ներս Ռուսաստանի ներկայութիւնը ուժեղացած է զգալիօրէն։ Ընդհանուր քարտուղարը այս առումով բաժնեց վրացական կողմի մտահոգութիւնը եւ աւելցուց, որ այս նոյն պատճառաւ կ՚ուժեղացնեն համագործակցութիւնը։ Սթոլթենպերկ կրկնեց, որ ՆԱԹՕ կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած շրջանակին մէջ։

Սթոլթենպերկ եւ Պախտածէ քննարկեցին Վրաստանի թէ՛ ՆԱԹՕ-ի եւ թէ Եւրոմիութեան հետ համարկման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր եւ այս ուղղութեամբ երկրէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019