ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ՈՐՊԷՍ ԿԱՄԱՒՈՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկրէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին՝ յատկապէս հասարակութենէն ներս գիտակցութեան մակարդակի բարձրացման ուղղեալ ջանքերուն։ Աննա Յակոբեան, որ կը գլխաւորէ շարք մը բարենպատակ հասարակական կազմակերպութիւններ, համաճարակի օրերուն ալ կ՚առաջնորդուի հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ ժողովուրդին կը փոխանցէ համապատասխան պատգամներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վերջին օրերուն որպէս կամաւոր մասնակցեցաւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, հասարակութեան իրազեկման ուղղեալ շարժումին։ Աննա Յակոբեան այս ծիրին մէջ մարդոց բաժնեց թերթիկներ, որոնք կը բովանդակէին համաճարակէ խուսափելու ուղղեալ խորհուրդներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2020