ՍԱՐՕ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՑԱՆՑ ՄԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ի­տա­լա­հայ գոր­ծա­րար Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մի­լա­նո­յի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ՝ որ­պէս Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­կան։

Ող­ջու­նե­լով Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեանն ու ըն­կե­րա­կից­նե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու ջան­քե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րու­մա­յին խո­շոր ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Եր­կա­րա­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեան յա­ջո­ղած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րել մի­ջազ­գա­յին հսկայ կա­ռոյ­ցի մը հետ՝ Հա­յա­սա­նի մէջ եւս մաս­նա­ճիւ­ղի մը հաս­տատ­ման վե­րա­բե­րեալ։ Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Future World Trade LLC կազ­մա­կեր­պու­թեան։ Այս վեր­ջի­նը ա­ռեւ­տու­րի կազ­մա­կերպ­մամբ զբա­ղող կա­ռոյց մըն է, որ մաս­նա­ճիւ­ղեր ու­նի Ի­րա­նի, Թուր­քիոյ, Մա­լե­զիոյ եւ Անգ­լիոյ մէջ։ Հա­յաս­տա­նէ ներս այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ցան­ցին մի­ջո­ցաւ տա­րե­կան շուրջ 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծարք­ներ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սա­րօ Խիւ­տա­վեր­տեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քի հա­մար։ Ան ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­ներն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ նշե­լով, որ նոր ծրա­գի­րը պի­տի նպաս­տէ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017