ԲՈՅՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԵՐԳ…

Քորոնաժահրի արագ տարածման պատճառով ամբողջ աշխարհի մէջ քանի մը ամիս շարունակ մշակութային կառոյցները անցած են առցանց հարթակի վրայ աշխատանքի: Թատրոնները, համերգասրահները, թանգարաններն ու այլ հաստատութիւններ կը փորձեն կապը պահպանել հանդիսատեսի, այցելուներու հետ առցանց հետաքրքրական  նախաձեռնութիւններով:

Իսկ Պարսելոնայի, Սպանիա, օփերայի թատրոնը համերգ մը սարքած է՝ բոյսերու համար։ Այսպէս, Պարսելոնայի Լիզէի մեծ թատրոնը քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով երկար դադարէ մը վերջ, յունիսի 22-ին իր դռները բացաւ իւրայատուկ համերգային ծրագիրով մը։

Համերգին իտալացի հռչակաւոր յօրինող Ճաքոմօ Փուչինիի ստեղծագործութիւններէն մէկը նուագած են ոչ թէ երաժշտասէր հասարակութեան, այլ 2292 բոյսի համար, որոնք դահլիճին մէջ դրուած են հանդիսատեսներու տեղերը։ Համերգը կը կրէր Concierto para el bioceno խորագիրը:

Մարդիկ նոյնպէս հնարաւորութիւն ունեցած են դիտելու համերգը, բայց ոչ թէ դահլիճին մէջ, այլ առցանց հարթակի վրայ: Այս համերգը հեռարձակուած է թատրոնի YouTube-ի  պաշտօնական կայքէջին վրայ:

«Մինչ մարդկութեան մեծ մասը մեկուսացած է եւ հրաժարած է տեղաշարժուելէ, բնութիւնը գրաւած է այն տեղը, զոր մենք ազատ թողած ենք», նշած է նախագիծին հեղինակը՝ Էուճենիօ Ամփուտիա։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020